ՊԱՔՈՒ, «Armenia.az».- Երկուշաբթի, 17 Դեկտեմբերին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի Սապունճի շրջանին մէջ նոր բնակարաններու բանալիներ յանձնեց խումբ մը զինուորականներու, կը տեղեկացնէ երկրի ղեկավարի պաշտօնական կայքը:
Ան այս առիթը գործածեց անգամ մը եւս սպառնական յայտարարութիւններ կատարելու Հայաստանի եւ Արցախի դէմ։
«Այսօր Ատրպէյճանի բանակի տրամադրութեան տակ գտնուող սպառազինութիւնը ի վիճակի է բարձր ճշգրտութեամբ եւ քանդիչ ուժով ոչնչացնելու հակառակորդի որեւէ ռազմական թիրախ», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Անշուշտ, մեր հզօր ռազմական ներուժը կը հանդիսանայ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան կարգաւորման համար հիմնական գործօն»:
Նախագահը դրուատեց երկրին զինուած ուժերուն մարտունակութիւնը՝ շեշտելով, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ իր ռազմական ուժերը հարստացնելու ջանքերը։
«Այս տարի մենք ստորագրեցինք շատ կարեւոր համաձայնագիրներ, որոնց շնորհիւ գերարդիական սպառազինութիւն պիտի ստանանք», եզրակացուց Ալիեւ: