ԵՐԵՒԱՆ.- «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքի նախագիծին նախնական տարբերակ կայ, որ դրուած է ներքին շրջանառութեան մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին ըսաւ Հայաստանի վարչապետի մամլոյ խօսնակ Արման Եղոյեան՝ անդրադառնալով մամուլին մէջ շրջանառուող նախագիծի տարբերակին, որուն համաձայն՝ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը բաղկացած պիտի ըլլայ վարչապետէ, երկու փոխ-վարչապետներէ եւ 12 նախարարներէ, իսկ առաջին փոխվարչապետի պաշտօնը պիտի կրճատուի:
«Գերատեսչութիւններու հետ քննարկելէ ետք միայն կարելի պիտի ըլլայ խօսիլ նախագիծի առաջին տարբերակին մասին: Հիմա կայ տարբերակ, որ դրուած է ներքին շրջանառութեան մէջ», ըսաւ Եղոյեան:
Նախագիծով կը նախատեսուի ունենալ հետեւեալ 12 նախարարութիւնները.
Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւն
Առողջապահութեան նախարարութիւն
Արդարադատութեան նախարարութիւն
Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւն
Արտաքին գործոց նախարարութիւն
Բնապահպանութեան նախարարութիւն
Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութիւն
Պաշտպանութեան նախարարութիւն
Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւն
Բարձր արհեստագիտութիւններու եւ ռազմարդիւնաբերութեան նախարարութիւն
Տնտեսական զարգացման եւ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւն
Ելեւմուտքի նախարարութիւն:
Լաւատեղեակ աղբիւրներու համաձայն՝ Աշխատանքի եւ Ընկերային Հարցերու նախարարութիւնը պիտի ունենայ երկրին արտակարգ իրավիճակներուն հետեւանքով առաջացած «Անգործ Սափրիչներու Վարչութիւն», ուր սափրիչներ պիտի յարդարեն ու ձեւաւորեն բազմազբաղ յեղափոխականներուն մօրուքները, որպէսզի «մի քիչ շնորհք» գայ անոնց վրայ եւ իրենք ալ՝ յեղափոխութեան մասնակից եղած համարուին եւ սպասեն Կոտոյի գալուստին…: