ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պէյրութի մէջ հրատարակուող «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան հարցազրոյց մը ունեցած է Սփիւռքի նախկին նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ՝ կառավարութեան կողմէ նախարարութեան լուծարման վերաբերեալ որոշման նախագիծի հրապարակման առիթով:
«Օգտուելով առիթից՝ ուզում եմ դիմել եւ խնդրել վարչապետին՝ եւս մէկ անգամ քննարկելու նախարարութեան պահպանման հնարաւորութիւնը՝ հաշուի առնելով, որ մեր ազգի երկու երրորդը ապրում է հայրենիքից դուրս եւ նրանց հետ աշխատանքի հսկայական փորձ է կուտակուել, կան սերտ կապեր ու յարաբերութիւններ, որոնք հաստատել է տարիների ընթացքում փորձ եւ գիտելիքներ ձեռք բերած, գործին նուիրուած, պատասխանատու եւ աշխատասէր երիտասարդներից կազմուած թիմը», ըսած է տիկին Յակոբեան:
Նախկին նախարարը յայտնեց, թէ համոզուած է, որ նախարարութիւնը կայացած է եւ խոր արմատներ ձգած է Սփիւռքի մէջ:
«Ուզում եմ դիմել իմ գործընկերներին, խնդրով շահագրգիռ սփիւռքահայ բարեկամներին՝ յայտնելով շնորհակալութիւն, որ նրանց օգնութեամբ կառուցել ենք նախարարութիւնը՝ կեանքիս տասը տարիները նուիրելով այդ կառոյցի կայացման, հեղինակութեան բարձրացման, Հայաստանի Հանրապետութիւնը Սփիւռքում պատշաճ ներկայացնելու, Սփիւռքի հիմնախնդիրները հայրենի կառավարութեանը ներկայացնելու, նախարարութիւնը սփիւռքահայերի տուն դարձնելու գործին: Հասկանալի է, որ իմ սիրտը շատ է ցաւում հիւլէ առ հիւլէ տառապանքով կերտուած կառոյցի տարրալուծման համար», ըսաւ է տիկին Յակոբեան:
Ո՞ւր են «Գլենդել»ի գլխաւոր պողոտաները քանի մը ամիս առաջ ժամերով (եւ քանի մը անգամ) գոցած մեր «դուխ»ով սփիւռքահայերը: Թո՛ղ հիմա ալ ելլեն ոտքի, «ավտո»ներուն «սիգնալ»ները միացուցած, Եռագոյնը պարզած՝ պահանջեն որ «Գլենդել»ի ապշահար նայող բնակչութիւնը ճնշում բանեցնէ քաղաքապետութեան վրայ, քաղաքապետութիւնն ալ՝ նահանգապետութեան վրայ, նահանգապետն ալ նախագահ Թրամփի վրայ, Թրամփն ալ՝ Փութինի վրայ, որպէսզի Սփիւռքի Նախարարութիւնը վերահաստատուի: Միա՛յն գործով. ո՛չ՝ խօսքով: