ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին Հայագիտական ծրագիրին եւ Ուիլեըմ Սարոյեանի անուան տուն թանգարանին համատեղ ջանքերով, Ուրբաթ, 25 Յունուարին, երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ, համալսարանին յարակից ուսանողական կեդրոնի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ֆրեզնոցի յայտնի հեղինակ Ուիլեըմ Սարոյեանի նուիրուած վաւերագրական նոր ֆիլմի մը ցուցադրութիւնը։
Յարութ Շատեանի բեմադրած եւ Արա Պաղտասարեանի արտադրած «Lights! Camera! Saroyan!»ը քննարկումն է «Փուլիցըր» եւ «Օսքար» մրցանակներուն արժանացած Սարոյեան կեանքին եւ ասպարէզին։ Անոր մէջ կան նաեւ գրողին ընտանեկան պարագաներուն եւ բարեկամներուն հետ հարցազրոյցներ։
Ցուցադրութեան մուտքը ազատ է, իսկ ինքնաշարժները կարելի է ձրիաբար շարել P5, P6, P15 կամ P16 կանգառներուն մէջ։
Ուսանողական կեդրոնին հասցէն է՝ 2485 E San Ramon AveFresno, CA 93710. անիկա կը գտնուի համալսարանին մէջ հաստատուած Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին կից։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (559) 278-2669 թիւին կամ այցելել www.fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը: