Արիզոնայի գլխաւորաբար Ֆինիքս քաղաքի մէջ բնակող փոքրաթիւ հայութիւնը համախմբելու եւ հայ դպրոցի բացակայութեան, շրջանի երեխաները հայկական ոգիով դաստիարակելու, ինչպէս նաեւ հայկական գաղութը առաւել կազմակերպելու հեռանկարով, Լոս Անճելըսի եւ այլ շրջաններէ Ֆինիքս հաստատուած միութենականներ քով քովի գալով 1998ին հիմը դրած են շրջանի ՀՄԸՄի տեղւոյն մասնաճիւղին:
Մասնաճիւղի հիմնադիր վարչութեան անդամ ընտրուած են հետեւեալ քոյր-եղբայրները.
Յարութ Պոյաճեան
Գրիգոր Քէնէթէճեան
Կապի Խուրի
Յարութ Շքլանեան
Սոճի Ցոլակեան
Արշակ Արտալեան
Մակի Թորոսեան
Շուտով կարելի եղած է ունենալ սկաուտական եւ մարզական բաժանմունքներ, որոնք ոգեւորութեամբ աշխատանքի լծուելով, մեծ խանդավառութիւն ստեղծած են գաղութէն ներս: Սկաուտականին կողքին, մասնաճիւղը ակնյայտ դարձած է իր ֆութպոլի մարզաճիւղով, որ կարգ մը մարզասէր վարչականներու եւ անդամներու շնորհիւ բազմաթիւ հետեւորդներ ունեցած է, յատկապէս փոքրերու խումբը: Զոյգ բաժանմունքներն ալ մասնակցած են ՀՄԸՄի Նաւասարդեան խմբային եւ անհատական մրցումներուն եւ ակնյայտ արդիւնքներ արձանագրած են:
1998ին Նաւասարդեանի լողի մրցումներուն մասնակցած եւ ախոյեան հանդիսացած է մասնաճիւղի մարզկուհիներէն Օտէթ Նազարեանը, իսկ 2015ին եւ 2016ին՝ Հէնրիկ Գաբրիէլեանը՝ երկար վազքի մէջ: Վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին, մասնաճիւղը ունեցած է վաճառքի իր կրպակը Նաւասարդեանի փառատօնի շրջափակէն ներս:
Մասնաճիւղը կը գործէ շրջանի փոքրիկ Հայ Կեդրոնէն ներս, ուր իր ժողովներն ու սկաուտական աշխատանքները կը կատարէ, իսկ մարզական փորձերու համար կ՛օգտագործէ շրջանի զբօսայգիներն ու վարձու մարզադաշտեր:
Մասնաճիւղը մօտէն կը գործակցի տեղւոյն ՀՅԴ «Գէորգ Չաւուշ» կոմիտէութեան, ՀՕՄի «Արարատ» մասնաճիւղին, շրջանի ՀԵԴի Ուխտին եւ Հայ Դատի յանձնախումբին հետ եւ իր արդար բաժինը կը բերէ շրջանի տարեկան մեծագոյն եւ միասնական ձեռնարկի կազմակերպման մէջ: Վարչութիւնը եւ անդամները նաեւ մօտէն կը գործակցին տեղւոյն եկեղեցւոյ հետ: Մասնաճիւղի հաւատացեալ անդամները միշտ ներկայութիւն են եկեղեցւոյ նախաձեռնութիւններուն եւ անոր զարգացման աշխատանքներուն:
ՀՄԸՄի 100ամեակին առիթով, մասնաճիւղը երկու գլխաւոր ձեռնարկներ կազմակերպած է, առաջինը դաշտահանդէս մըն էր շրջանի զբօսայգիին մէջ, իսկ երկրորդը՝ ճաշկերոյթ-պարահանդէս մը:
Ակմբային կեանքի աշխուժացման գծով կազմակերպուող Ուրբաթօրեայ ընթրիք-երեկոներուն, մասնաճիւղը իր առանձին օրը ունի, որու միջոցաւ նաեւ իր նիւթականը կ՛ապահովէ:
Մասնաճիւղի հետեւեալ անդամները, իրենց երկարամեայ նուիրեալ գործունէութեան համար, Շրջանային վարչութեան կողմէ արժանացած են շրջանի բարձրագոյն՝ «Ծառայութեան Շքանշան»ին.
Յարութ Պոյաճեան՝ 2016ին
Զարուկ Փալթաճեան, 2017ին
Անահիտ Գասպարեան, 2018ին
Վերջին քանի մը տարիներուն մասնաճիւղը համեմատաբար աշխոյժ գործունէութիւն կը տանի: Մարզականին առընթեր վերաշխուժացուցած է նաեւ սկաուտական իր բաժանմունքը:
Ներկայիս վարչութեան կազմը կը բաղկանայ հետեւեալ եղբայրներէ.
Յովհաննէս Տէմիրճեան
Արա Քէրէստէճեան
Թոմաս Պոյաճեան
Աբրահամ Սարգիսեան
Շահին Շահինեան
Մասնաճիւղը ունի 47 անդամներ, որոնց 11ը սկաուտական բաժանմունքի անդամ են, 33ը՝ մարզական, իսկ 13ը՝ անդամներ, որոնք բաժանմունքներուն եւ մասնաճիւղի ձեռնարկներու կազմակերպմամբ կը զբաղին:
Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Հովիւը,
Հոգաբարձութիւնը, Ազգ. Երեսփոխանները,
Կիրակնօրեայ Վարժարանը, Դպրաց Դասը Եւ Տիկնանց
Օժանդակ Մարմինը
Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծնունդի
Լաւագոյն Ողջոյններ Կը Փոխանցեն
Հայրենաբնակ եւ Սփիւռքի
Հայ Ժողովուրդին