Խումբ մը ՀՄԸՄականներ, նկատելով Ուոլնաթ Քրիքի մէջ հայութեան թուական աճը, եւ նկատի ունենալով, որ շատեր այդ շրջանէն երկար ճամբայ կտրելով կը մասնակցին ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղի գործունէութեան, իսկ ուրիշներ հեռաւորութեան հետեւանքով կը զրկուին ՀՄԸՄական աշխատանքներէն, կ՛որոշեն ՀՄԸՄի մասնաճիւղ մը հիմնել նաեւ Ուոլնաթ Քրիք շրջանին մէջ: Այս գաղափարը մեծ ոգեւորութեամբ կ՛ընկալուի շրջանէն ներս: Գործի անցնելով, 2 Մայիս 2000ին կը գումարուի մասնաճիւղի հիմնադիր ժողովը, որուն ընթացքին հետեւեալ քոյր-եղբայրները կ՛ընտրուին մասնաճիւղի հիմնադիր վարչութեան անդամներ.
Ալին Առպապեան
Զարեհ Էքմէքճեան
Տորիս Տէմիրճեան-Մատտըն
Արմինէ Ժամկոչեան
Մարտօ Գաբրիէլեան
Ալին Քարփոյեան
Սարգիս Շիրիքեան
Նոյն ժողովին միաձայնութեամբ մասնաճիւղը կ՛անուանուի «Կարս», պատմական Կարս քաղաքի անունով:
Մասնաճիւղը 30 անդամներով մեծ ոգեւորութեամբ աշխատանքի կը լծուի՝ ՀՄԸՄի քարոզչութիւնը կատարելով շրջանէն ներս: Պէտք է ընդգծել, թէ Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ այս շրջանը բնակող հայութիւնը աշխարհագրական հեռաւորութեան պատճառով, ինչպէս նաեւ միութենական կեանքին ծանօթ չըլլալով, համախմբուելու դժուարութիւն ունի: Այսուհանդերձ,սակայն մասնաճիւղի ղեկավարութիւնը կրցած է երիտասարդութիւնը քով քովի բերել եւ ունենալ իր մարզական եւ մանաւանդ սկաուտական բաժանմունքը:
Հազիւ երկու ամիսներու կեանք ունեցող այս մասնաճիւղը իր առաջին յաջողութիւնը կ՛արձանագրէ, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 25րդ մարզախաղերուն մասնակցութեամբ: Համարձակ այս քայլը, ոչ միայն յուսադրած է հանդիսատեսը, այլ նաեւ մեծապէս խրախուսած է մասնաճիւղի տողանցող մարզիկ-մարզկուհիներն ու սկաուտական բաժանմունքը, որոնք առաւել կապուած կը զգան ՀՄԸՄին եւ հետզհետէ կ՛ընդարձակեն իրենց շրջապատը:
Մասնաճիւղը տեղւոյն Հայ Օգնութեան Միութեան «Էրեբունի» մասնաճիւղի հովանաւորած Ուրբաթօրեայ վարժարանին հետ միասին, մեծ ներկայութիւն է Ուոլնաթ Քրիքի մէջ եւ կարեւոր ազդեցութիւն՝ անոր շրջակայքը բնակող փոքրաթիւ հայութեան վրայ: Զոյգ միութիւններն ալ Սան Ֆրանսիսքոյէն եւ Սանթա Գլարայէն հեռու բնակող հայ ընտանիքներուն հնարաւորութիւն ընձեռած են ներգրաւուելու շրջանի հայկական համայնքէն ներս եւ պահպանելու հայկական մեր մշակոյթը:
Շրջանի հայ երիտասարդութեան ուղղուած գործունէութեան առընթեր, մասնաճիւղը շարք մը կարեւոր ծրագիրներ կ՛իրականացնէ Ուոլնաթ Քրիքի եւ անոր շրջակայքը ապրող հայութեան համար: Այդ ծրագիրներէն կ՛արժէ յիշատակել յաջողութեամբ իրականացուող «Ապագայ» ծրագիրը, որ սկիզբ առած է 2007 թուականին, մասնաճիւղի նուիրեալ հիմնադիր անդամներէն Արմինէ Ժամկոչեանի նախաձեռնութեամբ: Ծրագիրը 2-5 տարեկան երեխաներու եւ անոնց ծնողներուն համար ստեղծուած է, որպէսզի վաղ տարիքին փոքրերը եւ իրենց ընտանիքները համախմբուին, հանդիպումներ ունենան, ծանօթանան ՀՄԸՄին եւ անոր ստեղծած առողջ շրջապատին եւ օգտուին հայ երիտասարդութեան ընծայուած օգտաշատ հնարաւորութիւններէն:
Քանի մը տարիներէ ի վեր համայնքի անդամները քով քովի բերելով կը մարզուին խումբով մասնակցելու Սան Ֆրանսիսքոյի 12 քլմ. մարաթոն-մրցավազքին:
Վերջին տարիներուն մասնաճիւղը կը կազմակերպէ նաեւ «Կարսի զարմանահրաշ մրցավազքը» հաճելի ծրագիրը, մրցակցութեան հանելով գաղութը:
Իսկ բոլորովին վերջերս, մասնաճիւղի վարչութիւնը սկսած է կազմակերպել հայկական մշակութային երեկոներ, որոնց ընթացքին մասնակիցները հայերէն բանաստեղծութիւններ կը սորվին, հայկական երգեր կ՛երգեն, հայկական երաժշտութիւն կ՛ունկնդրեն եւ հաճելի ընկերային պահեր կ՛ապրին: Միաժամանակ անոնք կը ծանօթանան ՀՄԸՄի առաքելութեան եւ նպատակներուն, ինչպէս նաեւ այդ նպատակները հետապնդող եւ իրագործող ՀՄԸՄականներուն:
Թէեւ մասնաճիւղը չունի իր սեփական կեդրոնատեղին, սակայն ի սէր իր հոգածութեան յանձնուած սերունդներուն, մարզական փորձերու համար կը վարձէ մարզադաշտեր եւ զբօսայգիներ, իսկ սկաուտականի համար՝ համայնքային եկեղեցւոյ սենեակները:
2013ին, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը, բարձր գնահատելով մասնաճիւղի հիմնադիր անդամներէն Զարեհ Էքմէքճեանի երկար տարիներու ՀՄԸՄի նուիրումը, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 38րդ Մարզախաղերուն «Տիպար ՀՄԸՄական»ի տիտղոսը շնորհեց անոր:
Մասնաճիւղի ներկայ վարչութեան կազմը կը բաղկանայ հետեւեալ քոյր-եղբայրներէ.
Արմինէ Ժամկոչեան՝ Ատենապետ
Արամազդ Մասիս
Եուրի Թոփճեան
Րաֆֆի Գրիգորեան
Սասուն Ամիրչեան
Արմինէ Գաբրիէլեան
Նիրւանա Պալեան
Ներկայիս մասնաճիւղը կը հաշուէ 58 անդամ, որոնցմէ 25 սկաուտներ են, 13ը՝ մարզիկներ, 28ը՝ գործօն անդամներ:
Կը Շնորհաւորեմ Նոր Տարին
Եւ Ս. Ծնունդը
Իմ Ընկեր-Ընկերուհիներուն
Լաւագոյն Մաղթանքներով
ԱՐԱՔՍՍԱՐԵԱՆ
Սան Ֆրանսիսքօ
Կը Շնորհաւորենք Համայն Հայութեան
Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը
Տէր եւ Տիկ. Խաժակ եւ Հիլտի
Սարգիսեան
Սան Ֆրանսիսքօ
NOVITA
Հերի Նազարեաններ եւ Ընտանիք
Տօնական Այս Օրերուն
Մեր Լաւագոյն Մաղթանքները
Կը Փոխանցենք Հայ Ժողովուրդին