Հոն ուր հայութիւն կայ, ՀՄԸՄը ներկայութիւն է: Վերջին տարիներուն հետզհետէ Նորթ Հոլիվուտի մէջ հայութեան աճը նկատելի դարձած էր: Շրջանի ՀՅԴ «Բաբգէն Սիւնի» կոմիտէին առընթեր, խումբ մը ՀՄԸՄականներ եւս, շրջանի երիտասարդութիւնը մաքուր միջավայրի մը մէջ համախմբելու եւ անոնց ազգային դաստիարակութիւն տալու հեռանկարով, փափաք յայտնած էին, Նորթ Հոլիվուտի մէջ հիմը դնելու ՀՄԸՄի մասնաճիւղի մը: ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը դրական արձագանգելով այդ փափաքին, Մայիս 2011ին, կազմակերպեց մասնաճիւղի հիմնադիր ժողովը, որուն մասնակցեցան շրջանէն 50 ՀՄԸՄասէրներ:
Մասնաճիւղի հիմնադրութեան աշխատանքներուն մօտէն հետեւած եւ հարկ եղած կազմակերպչական ուղղութիւնները փոխանցած է Շրջանային վարչութեան անդամ եղբ. Փիեռ Մանուկեան:
ժողովականներու որոշումով մասնաճիւղը կոչուեցաւ հայկական Ջաւախքի անունով: Հիմնադիր ժողովի ընթացքին մասնաճիւղի հիմնադիր վարչութեան անդամ ընտրուեցան հետեւեալ քոյր-եղբայրները.
Վաչէ Եագուպեան
Համբիկ Շահինեան
Յակոբ Պապողլեան
Մարալ Դարբինեան
Քրիսթին Չալիքեան
Դալար Եահիայեան
Յասմիկ Կակոսեան
Աշխուժութեամբ աշխատանքի սկսած մասնաճիւղը, մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է իր անդամներուն մօտ: Սակայն մարզադաշտերու պակասն ու նիւթական դժուարութիւնները, որոշ ազդեցութիւն ունեցած են՝ մասնաճիւղի անդամարշաւը դանդաղեցնելով:
Այսուհանդերձ, նորակազմ մասնաճիւղի վարչութիւնը չէ յուսահատած եւ կեդրոնացած է առաջին հերթին մարզական իր բաժանմունքը հզօրացնելու գործին վրայ. փորձերու համար ապահովուած է Սան Վալի Հայ Սքուլի մարզադաշտերը:
Մասնաճիւղին կազմակերպչականօրէն առակցելու եւ միութենական օրէնքներուն առաւել ծանօթացնելու նպատակով, Շրջանային վարչութիւնը մասնաճիւղի մօտ իբրեւ ուսուցող նշանակած է ծանօթ ՀՄԸՄական եղբ. Յովիկ Պետեւեանը, որ մեծապէս օգտակար հանդիսացած է մասնաճիւղի յառաջդիմութեան:
Մի քանի տարիներու պատրաստութիւններէ եւ որոշ դժուարութիւններ յաղթահարելէ ետք, մասնաճիւղի մարզական խումբերը սկսած են մասնակցիլ միջ-մասնաճիւղային եւ Նաւասարդեան մարզախաղերուն, ուր որոշ յաղթանակներ արձանագրած են: 2014ին, «Ջաւախք» մասնաճիւղի ֆութպոլի Ա. դասակարգի խումբը, ախոյեան հանդիսացած է ՀՄԸՄի «Սեւան» մասնաճիւղի կազմակերպած միջ-մասնաճիւղային մրցաշարքին: Նոյն խումբը 2017ի Նաւասարդեան 42 մարզախաղերուն, իր դասակարգի մէջ երկրորդը հանդիսացած է: Յատուկ զարկ տալով պասքեթպոլին, 2017ին, մասնաճիւղը յաջողած է երեք խումբեր կազմել, որոնք մասնակցած են Նաւասարդեան 42րդ մարզախաղերուն:
Անցեալ տարի (2017) մասնաճիւղը, Շրջանային վարչութեան եւ այլ զօրակիցներու քաջալերանքով, ունեցաւ իր սկաուտական բաժանմունքը, որ իր շաբաթական աշխատանքները կը կատարէ Կլենտէյլի Pacific Park-ին մէջ, պարբերաբար նաեւ կ՛օգտագործէ Սթիւտիօ Սիթիի Հայ Կեդրոնը:
Մասնաճիւղի պասքէթպոլի խումբերու փորձերը կը կատարուին Սէն Վալի Հայ Սքուլի մարզադաշտերուն վրայ, հարկ եղած պարագային նաեւ այլ մարզադաշտեր կը վարձուին: Մասնաճիւղը զանազան ձեռնարկներ կը կազմակերպէ, իր շրջանի Հայ Կեդրոնէն ներս:
Մասնաճիւղի առաջարկութեամբ հետեւեալ եղբայրները արժանացած են շրջանի բարձրագոյն Ծառայութեան շքանշանին.
Վաչէ Եագուպեան՝ 2015ին
Համբիկ Շահինեան՝ 2016ին
Վանսօ Ճէնապեան՝ 2017ին:
Մասնաճիւղի ամենակարեւոր նուաճումներէն է երիտասարդ մարզիկ Անժելինա Թէյմուրի թեթեւ աթլեթի մարզաճիւղի մէջ արձանագրած յաջողութիւնները: Ան Նաւասարդեան մարզախաղերու ընթացքին թեթեւ աթլեթի մէջ 18 մետալներ ապահոված է մասնաճիւղին: Քոյրը նաեւ 2017ին, ընդհանուր դասաւորման մէջ առաջին տեղը գրաւած է Միացեալ Նահանգներու թեթեւ աթլեթի փոքրերու ախոյեանութեան մրցումներուն, իսկ այս տարի՝ 3րդ տեղը:
Մասնաճիւղի Ա. դասակարգի մանչերու ֆութպոլի խումբը անցեալ տարուան (2017) Նաւասարդեան մարզախաղերուն երկրորդ տեղը գրաւելը եւս մեծ նուաճում մըն էր մասնաճիւղին համար:
Վարչութիւնը իր նիւթական միջոցները կ՛ապահովէ եւ միաժամանակ իր շրջանի ՀՄԸՄասէր հասարակութիւնը կը համախմբէ ընկերային ձեռնարկներ կազմակերպելով:
2017-2018 տարեշրջանի մասնաճիւղի վարչութիւնը կը բաղկանայ հետեւեալ եղբայրներէ.
Վաչէ Եագուպեան՝ Ատենապետ
Վանսօ Ճէնապեան
Համբիկ Շահինեան
Շանթ Կարապետեան
Աշոտ Պարոնեան
Մասնաճիւղը ներկայիս ունի 127 անդամներ, որոնց 47ը սկաուտներ են, 58ը՝ մարզիկներ, իսկ մնացեալը՝ վարչութեան եւ մասնաճիւղի գործօն անդամներ:
THE GREAT CARPET COMPAMY
Լաւագոյն Մաղթանքներով
Կը Շնորհաւորենք Բոլորի
Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը
4524 Brazil St #A
Los Angeles, CA 90039
818-247-2990
Ջերմօրէն կը գնահատենք «Ասպարէզ»ի հարիւր եւ տասնամեայ երթը, յատկապէս հայապահպանման առաքելութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայկական հողերու պահանջատիրութեան ուղղութեամբ։
Չորք Մարզպանի Հայրենակցական Միութիւն