ՀՄԸՄի Շրջանային Վարչութիւնը, նկատելով հետզհետէ բազմացող Փասատինայի հայկական գաղութը եւ մանաւանդ ընդառաջելով 28 հոգինոց խումբ մը ՀՄԸՄականներու դիմումին, Փասատինայի մէջ ՀՄԸՄի մասնաճիւղ մը հիմնելու, դրական կը պատասխանէ անոր:
Մասնաճիւղի հիմնադիր ժողովը գումարուած է 20 Մարտ, 1977ին, 85 անդամներու մասնակցութեամբ եւ հետեւեալ հիմնադիր վարչութեան կազմը ընտրուած է.
Իշխան Զարոյեան
Հրաչ Ասատուրեան
Եղիա Գոճայեան
Արա Շխրտըմեան
Մանուէլ Իւթիւճեան
Ժագ Թիւթիւնճեան
Յովհաննէս Թաշճեան
Մասնաճիւղը իր հիմնադրութեան տարին իսկ, ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի երկսեռ խումբերով մասնակցած է շրջանի ՀՄԸՄի համա-գաղութային երկրորդ Ողիմպիական մարզախաղերուն:
1978ին, մասնաճիւղը ունեցած է իր փոքրիկ ակումբը եւ նոյն տարին հրապարակային հանդիսութեամբ մը տօնախմբած է իր հիմնադրութեան առաջին տարեդարձը, մեծ ոգեւորութիւն ստեղծելով իր շրջապատին մէջ:
Մասնաճիւղը արագընթաց յաջողութիւն արձանագրելով, կարողացած է բազմացնել իր անդամներու թիւը: Հազիւ երկու տարեկան դարձած արդէն իսկ մասնաճիւղը կը հաշուէր 195 անդամ, որոնց 45ը սկաուտներ էին, 50ը՝ մարզիկներ, 100ը՝ գործօն անդամներ:
Յուսադրող այս յաջողութիւններուն մասին շրջանի հայութիւնը տեղեակ պահելու միտումով, 1983ին, մասնաճիւղի վարչութիւնը կարճ ժամանակուան մը համար կը հրատարակէ իր «Մենք» պարբերաթերթը:
Նկատի ունենալով, որ մասնաճիւղի հիմնադիր եւ այնուհետեւ անդամակցած անդամներու մեծամասնութիւնը եկած են Էշրէֆիէի (Լիբանան) «Ազատամարտ» ակումբէն, որ նաեւ շրջանի ՀՄԸՄի կեդրոնն էր, 1992ի գումարուած մասնաճիւղի Ընդհանուր ժողովին, միաձայնութեամբ որոշում կ՛առնուի մասնաճիւղը կոչել ՀՄԸՄի Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղ:
Անցնող տարիներու ընթացքին մասնաճիւղը իր աշխոյժ գործունէութեամբ կարողացած է հրապուրել իր շրջանի պատանիներն ու երիտասարդները, որոնք ընդգրկուած են մասնաճիւղի սկաուտական եւ մարզական խումբերուն մէջ:
Թէեւ մասնաճիւղը կը գործէ իր շրջանի Ճիվալաքեան Հայ կեդրոնէն ներս, ուր իրեն տրամադրուած է ժողովասրահ եւ գրասենեակ, ինչպէս նաեւ իր փոքր մարզիկներու համար կ՛օգտագործէ կեդրոնի փոքր մարզադաշտը, սակայն մարզական շատ մը խումբերու փորձերու համար այլ մարզադաշտեր կը վարձուին, հսկայական ծախսերու տակ դնելով մասնաճիւղն ու անդամները: Այլապէս, մասնաճիւղի թուական պատկերը շատ աւելի մեծ կրնայ ըլլալ:
Մասնաճիւղը իր աշխոյժ գործունէութեամբ տիրական ներկայութիւն է իր շրջանէն ներս: Ան սերտօրէն կը գործակցի շրջանի ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէութեան, Համազգայինի, ՀՕՄի Սօսէ մասնաճիւղին, ՀԵԴ Պատանեկան եւ երիտասարդական միութեանց եւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ ու հոգաբարձութեան հետ:
Միշտ ներկայութիւն է գաղութի բոլոր հրապարակային եւ ներքին ձեռնարկներուն:
Յաջորդական վարչութիւնները, գեղեցիկ սովորութեան վերածած են, հինգ տարին անգամ մը տօնախմբելու մասնաճիւղի հիմնադրութեան տարեդարձը: 2017ին, մասնաճիւղը մեծ շուքով նշեց իր հիմնադրութեան 40ամեակը Լանկըմ պանդոկի սրահին մէջ եւ անոր ընթացքին առ ի երախտագիտութիւն պարգեւատրեց մասնաճիւղին սատարած գործունեայ իր անդամները:
Մասնաճիւղը, իր ձեռնարկներուն եւ միութենական գործունէութեան եւ սկաուտական շաբաթական հաւաքներու համար գլխաւորաբար կ՛օգտագործէ շրջանի Ճիվալաքեան հայ կեդրոնը:
Միշտ ներկայութիւն է ՀՄԸՄի մասնաճիւղերու եւ Շրջանային վարչութեան կազմակերպած միջ-մասնաճիւղային, զանազան մրցումներուն եւ Նաւասարդեան մարզախաղերուն: Իսկ 2016ի տարեշրջանէն ի վեր, ամէն տարի, Օգոստոս ամսուն կը կազմակերպէ պասքեթպոլի միջ-մասնաճիւղային մրցումներ:
Հպարտութեամբ պէտք է ընդգծել, թէ մասնաճիւղի ֆութպոլի մարզիկներէն Եուրա Մովսիսեան, այսօր ֆութպոլի աշխարհէն ներս միջազգային ճանաչում ստացած մարզիկ մըն է, որ երբեք չուրանար ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» մասնաճիւղին անդամակցութիւնը:
Մասնաճիւղէն հետեւեալ քոյր-եղբայրները իրենց արդիւնաբեր ու անխոնջ աշխատանքին համար, մասնաճիւղի առաջարկով եւ Շրջանային վարչութեան կողմէ, արժանացած են շրջանի ՀՄԸՄի բարձրագոյն՝ Ծառայութեան շքանշանին: Շքանշաններն ու համապատասխան հաստատագիրները յանձնուած են ամէն տարի Նոյեմբեր ամսուն կազմակերպուած ՀՄԸՄի Օրուան նուիրուած ձեռնարկին.-
Եղբ. Յակոբ Ղազարեան – 2015ին
Քոյր Սօսի Սեմերճեան – 2016ին
Քոյր Սիմա Կարապետեան – 2017ին
Եղբ. Սարգիս Թաթիկեան – 2018ին
Շրջանային մակարդակի վրայ, մասնաճիւղի երեք վաստակաշատ անդամ զոյգեր ստանձնած են Նաւասարդեան Մարզախաղերու Պատուոյ նախագահութիւնը.-
Տէր եւ տիկ. Կարպիս եւ Թերեզ Քէմանճեան՝ 1997ի ՀՄԸՄի 22րդ Նաւասարդեան Մարզախաղերուն,
Տէր եւ տիկ. Յովսէփ եւ Էլիզապէթ Պոյաճեան՝ 2006ի ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 31րդ Մարզախաղերուն,
ՏԷր եւ տիկ. Պետիկ եւ Մարօ Ֆերմանեան՝ 2014ի ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 37րդ Մարզախաղերուն:
Մասնաճիւղը, զանազան մարզաճիւղերու բազմաթիւ խումբերով մասնակցած է Նաւասարդեան Մարզախաղերուն եւ ընդհանուր դասաւորման մէջ ախոյեանութեան արժանացած է պասքեթպոլի, ֆութպոլի եւ վոլիպոլի մարզաճիւղերուն մէջ: Մասնաճիւղի սկաուտական բաժանմունքը, իր արձանագրած յառաջդիմութիւններուն համար, տիրացած է նահատակ Վարդան Բախշեանի յիշատակին ստեղծուած «Շրջուն Շուշանածաղիկ» բաժակին:
Մասնաճիւղի մարզական եւ սկաուտական խումբերը միշտ մասնակցած են ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան չորս տարին անգամ մը կազմակերպած Համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերուն եւ բանակումներուն: Տակաւին բոլորովին վերջերը, մասնաճիւղէն խումբ մը արի-արենուշներ միանալով շրջանի ՀՄԸՄի սկաուտական պատուիրակութեան, մասնակցած են ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած բանակումին՝ Բիւրականի մէջ, Հայաստան:
Մասնակցելով հանդերձ Շրջանային վարչութեան կազմակերպչական եւ դաստիարակչական սեմինարներուն եւ աշխատանիստերուն, մասնաճիւղը ինք եւս առանձին դաստիարակչական դասախօսութիւններ եւ գործնական աշխատանքներ կը կազմակերպէ սկաուտական եւ մարզական իր խումբերուն համար:
Մասնաճիւղի երազանքն է, ունենալ ընդարձակ եւ բազմաթիւ մարզադաշտերով մարզահամալիր մը, որպէսզի կարենայ իր հոգածութեան յանձնուած յաջորդական սերունդները աւելի կատարեալ ձեւով դաստիարակել:
Մասնաճիւղի ներկայ վարչութեան կազմը կը բաղկանայ հետեւեալ քոյր-եղբայրներէ.
Անիթա Տէրտէրան, ատենապետ
Նայիրի Գասպարեան
Անահիտ Մանուկեան
Սիլվի Պաղտատլեան
Կարին Գէւոյեան
Ժիրօ Թաթիկեան
Շահէ Գաբրիէլեան
Պետիկ Գալայճեան
Շանթ Տէր Ղազարեան
Մասնաճիւղը կը հաշուէ 571 անդամ, որոնց 375ը մարզիկներ են, 85ը՝ սկաուտներ, իսկ 110ը՝ զանազան յանձնախումբերու մէջ գործող անդամներ:
ՔՐԵՍԵՆԹԱ ՀՈՎԻՏ
ՀՅԴ «Սիմոն Զաւարեան» Կոմիտէութիւն
ՀՕՄի «Թալին» Մասնաճիւղ
ՀՄԸՄի «Շանթ» Մասնաճիւղ
Համազգայինի Քրեսենթա Հովիտի Մասնաճիւղ
ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Պատանեկան Միութիւն
ՀԵԴ «Զարթօնք» Ուխտ
Հայ-Ամերիկեան Տարեցներու Միութեան
Քրեսենթա Հովիտի Մասնաճիւղ
Կը Շնորհաւորենք
Շրջանի Ընկեր-Ընկերուհիները եւ Համայն Հայութիւնը
Մաղթելով Նորանոր Նուաճումներ 2019ին