Տարուէ տարի բազմացող Քրեսենթա հովիտի հայ երիտասարդութիւնը համախմբելու համար արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող հայ կեդրոնէն ներս, Միջին Արեւելքէն այդ շրջանը բնակութիւն հաստատած խումբ մը ՀՄԸՄականներ, տեղւոյն ՀՅԴ «Զաւարեան» կոմիտէութեան գործակցութեամբ եւ քաջալերանքով՝ անհրաժեշտութիւն զգացին ՀՄԸՄի մասնաճիւղ մը հիմնելու այնտեղ: Գաղափարը զարգանալով՝ նախկին ՀՄԸՄականներու եւ համակիրներու մեծ խումբ մը պատրաստակամութիւն յայտնեց անդամակցելու անոր: Գործնական քայլի անցնելով՝ այս գծով դիմում կատարուեցաւ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան, որ վաւերացուց զայն՝ Սեպտեմբեր 1992ին:
Շրջանային վարչութեան նորաստեղծ մասնաճիւղը զօրաւոր հիմերու վրայ դնելու հեռանկարով, Շրջանային վարչութիւնը, իր անդամներէն՝ Մարօ Քէշիշեանին պարտականութիւն տուաւ զբաղելու մասնաճիւղի հիմնումին եւ ղեկավարութեան պատրաստութեան գործով: Քանի մը կարեւոր հանդիպումներ ունենալէ ետք դիմող խումբին եւ շրջանի ղեկավարութեան հետ, մասնաճիւղը աշխատանքի սկսելով՝ առաջին իր պաշտօնական ժողովը գումարեց Մարտ 1993ին:
Մասնաճիւղի հիմնադիր վարչութեան անդամ ընտրուեցան եղբայրներ՝
– Կարպիս Էօլմէսէքեան՝ ատենապետ
– Թոմաս Թոքմաճեան
– Վարդգէս Շխրտըմեան
– Ռազմիկ Գարախանեան
– Կայծակ Շահպազեան
Հիմնադիր վարչութեան փափաքով, մասնաճիւղը կոչուեցաւ «Շանթ», ազգային գործիչ, գրող եւ դաստիարակ Լեւոն Շանթի յիշատակին:
Մասնաճիւղը ունեցաւ մարզական եւ սկաուտական բաժանմունքներ, որոնք լաւապէս ընկալելով ՀՄԸՄի առաքելութիւնն ու հետապնդած նպատակները՝ դաստիարակուեցան ազգային գիտակցութեամբ եւ ՀՄԸՄի «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր» նշանաբանի գաղափարով:
Անցած 25 տարիներու ընթացքին մասնաճիւղը մեծ նուաճումներ արձանագրեց զանազան մակարդակներու վրայ: Յաջորդական վարչութիւնները անդամներուն մէջ սերմանեցին ազգային ոգին, հոգեկան, իմացական, ֆիզիքական եւ քաղաքացիական արժանիքներ, որոնց շնորհիւ մասնաճիւղը հզօրացաւ եւ տիրական ներկայութիւն եղաւ շրջանէն ներս: Յատկապէս վերջին տարիներու վարչութիւնները իրենց աշխատանքները իրականացուցին բազմաթիւ յանձնախումբերու միջոցաւ եւ մեծ նուաճումներ արձանագրեցին ՀՄԸՄի առաքելութիւնը տարածելու եւ անոր հետապնդած նպատակները իրականացնելու մէջ: Մասնաճիւղի
կարգախօսն է՝ «Մենք Շանթ ենք, Մենք ընտանիք ենք»:
Մարզական ծրագիրները ընդարձակուած են եւ մարզական խումբերուն թիւը անցած է 40ը: Անոնք մարզական ոգիով եւ հաւաքական աշխատանքի կարեւորութեան գիտակցութեամբ կը մարզուին պասքեթպոլի, ֆութպոլի, վոլիպոլի, թեթեւ աթլեթի եւ փինկ-փոնկի մարզաձեւերուն:
Մասնաճիւղը կրցած է գրաւել իր շրջապատի եւ մօտակայ վարժարաններու երեխաները:
Փոքրիկ գրասենեակը այսօր ըն-դարձակուած է եւ ունի ժողովասրահ, մթերանոց ու պաշտօնէութիւն:
Սկաուտական բաժանմունքը կը հետեւի Ամերիկեան սկաուտութեան բարձրագոյն կարգի՝ Eagle Scout ծրագիրին, ինչպէս նաեւ կը մասնակցի եւ կը քաջալերէ տեղական հայկական վարժարանի ձեռնարկները:
Երկու տարիներէ ի վեր ունի իր սկաուտական երէցական բաժանմունքը, որպէսզի առաւել երիտասարդութիւն համախմբէ ՀՄԸՄի շուրջ:
Հոն կը գործադրէ ֆութպոլի pewee ծրագիրը՝ մանչերու եւ աղջիկներու համար:
Մասնաճիւղը զգալի ներկայութիւն է գաղութէն ներս եւ կը մասնակցի գաղութային ձեռնարկներու, ինչպէս նաեւ ինք կը կազմակերպէ ծրագիրներ՝ համայնքին համար, որոնցմէ կ՛արժէ նշել հետեւեալները.
Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման եւ այդ առիթով կազմակերպուած բոլոր նախաձեռնութիւնները՝ քայլարշաւ, Մոնթեպելլոյի յուշարձանի տարեկան հսկում-ոգեկոչում եւ այլն.
Դրօշակի արարողութիւն՝ քաղաքապետարանի, եկեղեցւոյ եւ շրջանի մշակութային ձեռնարկներուն?
Այս մասնաճիւղը ՀՄԸՄի առաջին մասնաճիւղն էր, որ մասնակցած է Մոնթրոզի Ս. Ծննդեան շքերթին՝ ծանօթացնելով ՀՄԸՄը տեղական իր շրջապատին: Այնուհետեւ, մասնաճիւղը միշտ նախաձեռնած է անոր եւ հիւրընկալած զայն:
Իր անդամներով մասնակցած է եւ ի հարկին պատրաստ է մասնակցելու բնական աղէտներու իբրեւ հետեւանք օգնութիւն հասցնելու աշխատանքներուն.
Հանգանակային աշխատանք կը տանի եւ կը մասնակցի Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին կազմակերպած՝ Գոհաբանութեան Օրուան Հայաստան-Արցախի ի նպաստ թելեթոնին.
Մնայուն ձեւով կը կազմակերպէ համայնքի ձեռնարկներ, ինչպէս՝ Ս. Ծննդեան առթիւ երաժշտական գործիքներու արշաւ, ինչպէս նաեւ բոլորովին նոր երաժշտական գործիքներ կը նուիրէ իր շրջապատի կարօտեալ ընտանիքներու երեխաներուն:
Դաստիարակչականի գծով, վարչութիւնը, ամուսնութեան եւ ընտանեկան հարցերու խորհրդատու Նորա Շիթիլեանի գլխաւորութեամբ, կազմակերպած է աշխատանիստեր՝ շտապ օգնութեան, ղեկավարման եւ մանուկներու հոգեբանութեան առնչուող նիւթերով, իսկ մասնաճիւղի մարզիչներու փորձառութեան եւ մարզական գիտելիքներու առնչուող սեմինար մը կազմակերպած է «Եու.Սի.Էլ.Էյ.» համալսարանի մարզիչ Ճիմ Հարիքի գլխաւորութեամբ:
Մասնաճիւղի գլխաւոր դժուարութիւնը իր սեփական մարզադաշտի պակասն է: Այս տարի, մասնաճիւղի թուային աճին իբրեւ արդիւնք, վարչութիւնը՝ պարտաւորուած, վարձած է հաւաքատեղի մը: Մարզադաշտի չգոյութեան իբրեւ հետեւանք, մարզական խումբերը իրենց փորձերը կը կատարեն վարձու մարզադաշտերու վրայ՝ Կլենտէյլ, Լա Քրեսենթա եւ Թահանկա քաղաքներուն մէջ: Իսկ սկաուտական բաժանմունքը, իր կիրակնօրեայ աշխատանքները կ՛իրականացնէ Քրեսենթա Հովիտի զբօսայգիին (Crescenta Valley Park) մէջ, ամէն Կիրակի առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ կէսօրէն ետք ժամը 1:
Մասնաճիւղին խնդրանքով, ցարդ հետեւեալ չորս եղբայրները արժանացած են ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան կողմէ յանձնուած «Ծառայութեան շքանշան»ին.
– Պերճ Գասապեան, 2015ին
– Վարդգէս Շխրտըմեան, 2016ին
– Ռազմիկ Սիմոնեան, 2017ին
– Թոմաս Տէօքմէճեան, 2018ին
Յատկապէս վերջին տարիներուն, մասնաճիւղի վարչութիւնները յատուկ ջանք կը թափեն մասնաճիւղը կեդրոն/մարզադաշտով մը օժտելու, ինչ որ հրամայական դարձած է ի տես անդամներու թուի աճին: Այս նպատակով, տարուան ընթացքին կը կազմակերպուին հանգանակային եւ ընկերային ձեռնարկներ, որոնք ոչ միայն կը համախմբեն մասնաճիւղի անդամները, այլեւ՝ ՀՄԸՄի համակիրներու մեծ շրջանակը: Վարչութիւնը նաեւ սկաուտ ղեկավարներու եւ մարզիչներու համար կը կազմակերպէ բազմազան ղեկավարման, ապահովական եւ դաստիարակչական սեմինարներ, ինչպէս նաեւ՝ տեղական Clippers, Sparks, Lakers եւ Harlem Globetrotters մարզական խումբերու մրցումներուն մասնակցելու առիթներ:
Մասնաճիւղի մարզիկներէն՝ Գրիգոր Քիւրտօղլեան եւ Փաթրիկ Փանուսի մաս կազմած են 20 տարեկան եւ վար երիտասարդներու Հայաստանի ազգային պասքեթպոլի հաւաքականին:
Ուրախութեամբ պէտք է արձանագրել նաեւ, թէ մասնաճիւղի անդամներէն Վարուժ Պետիկեան սիրով ստանձնած էր Պատուոյ նախագահութիւնը 2007 տարեշրջանի ՀՄԸՄի 32րդ Նաւասարդեան մարզախաղերուն: Իսկ մասնաճիւղը նոյն մարզախաղերու հետեւեալ մարզաձեւերու ընդհանուր դասաւորման մէջ ախոյեան հանդիսացած է.
– Պասքեթպոլ, 2012ին
– Ֆութպոլ, 2016ին
– Պասքեթպոլ, 2017ին
– Թեթեւ աթլեթ, 2018ին
Վարչութիւնը միշտ քաջալերած է իր մարզիկներն ու սկաուտկան բաժանմունքը՝ մասնակցելու շրջանի միջմասնաճիւղային մարզախաղերուն եւ սկաուտական աշխատանքներուն: Արդարեւ, մասնաճիւղը մասնակցած է Շրջանային եւ Կեդրոնական մակարդակի աշխատանքներու, յատկապէս՝ Հայաստանի մէջ կազմակերպուած Համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերուն եւ Սկաուտական ընդհանուր բանակումներուն, որոնց նորագոյնները ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններն էին:
Ամէն տարի Յունուարին, մասնաճիւղը կը կազմակերպէ ֆութպոլի միջմասնաճիւղային եւ երէց մարզիկներու ֆութպոլի մրցումներ, սկաուտական բանակումներ, ընտանեկան պտոյտներ, նախաճաշի ու հանգանակային ձեռնարկներ եւ այլ միջոցառումներ:
2017-2018 աշխատանքային շրջանին համար, հետեւեալ քոյր-եղբայրները մաս կը կազմէին մասնաճիւղի վարչութեան.
– Թամար Քէյփէքեան՝ ատենապետ
– Սօնա Մենայեան
– Մարալ Թազեան
– Թամար Գալուստեան
– Սեդա Գասաճիքեան
– Նովա Քուշէրեան
– Գրիգոր Գարամանուկեան
– Արփին Քերոբ
– Ռոզէթ Ռաժոյեան
– Արա Իզանեան
– Մարալ Լիոն
Մասնաճիւղը ունի 734 անդամներ, որոնցմէ 542ը՝ մարզիկներ, 130ը՝ սկաուտներ, իսկ 100ը՝ գործօն անդամներ:
Glendale Mobil Service
1028 S. Brand Blvd.,
Glendale, CA 91204
818-244-0151
Wishing all our family
and friends health and prosperity
throughout the year
Հայ Ամերիկեան Տարեցների Միութեան Կեդրոնական
Վարչութեան անունից Նոր Տարուայ
եւ Յիսուս Քրիստոսի աւետաբեր ծննդեան տօները կը շնորհաւորենք համայն
հայութեանը ու առաւել եւս
միութեանս սիրելի անդամ-անդամուհիներին մաղթելով նրանց բարի յաջողութիւն՝
իրենց կեանքի ասպարէզում ու որ կարեւորագոյն է՝ քաջառողջութիւն եւ պարուրուած լինեն ընտանեկան պարագաներով այս ուրախանալի
տօներին եւ ամբողջ տարին։
Շնորհաւոր Նոր Տարի Եւ Ս. Ծնունդ
Նաթալի Սավուլեան
Վահան եւ Անուշ
Շամլեան Ազգային
Վարժարանի Աշակերտուհի
Կը Շնորհաւորէ Նոր Տարին
Եւ Ս. Ծնունդը
Շամլեան Վարժարանի Տնօրէնութեան, Ուսուցչական Կազմին Եւ Ընդհանուր
Աշակերտութեան
Ամանորի Այս Օրերուն
Մեր Մաղթանքն է,
Որ Հայրենիքի Մեր Ժողովուրդը
Ժպիտով Դիմաւորէ
Գալիք Օրերը
Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան
Ազգային Մանկամսուր
Թեքսաս
ՀՅԴ «Սերոբ Աղբիւր» Կոմիտէ
ՀՕՄի «Շողեր» Մասնաճիւղ
ՀԵԴ «Դրօ» Մասնաճիւղ
Հայաստանին՝ Բարգաւաճում,
Արցախին՝ Կայունութիւն,
իսկ Սփիւռքին՝ Տուն Դառնալու
Անյողդողդ Վճռակամութիւն