Ինլընտ Էմփայըր շրջանի եւ յատկապէս Լա Վըրնի փոքրաթիւ հայութիւնը համախմբուած պահելու եւ այնտեղ գոյութիւն ունեցող հայ երիտասարդութեան հայկական մաքուր շրջապատ մը ապահովելու հեռանկարով, 1991ի ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը որոշեց մասնաճիւղ մը հիմնել այդ շրջանին մէջ:
Մասնաճիւղի հիմնադիր ժողովը գումարուեցաւ 24 Ապրիլ 1991ին, 15 անդամներու մասնակցութեամբ: Մասնաճիւղի հիմնադիր վարչութեան անդամ ընտրուեցան հետեւեալ քոյր-եղբայրները.
– Արմէն Կոլնազարեան
– Արման Կարապետեան
– Ժանէթ Կարապետեան
– Ուիլմա Մկրտիչեան
– Սեւատա Մկրտիչեան
– Րաֆֆի Զինզալեան
– Վրէժ Ալավերդեան
– Մարալ Ինճէճիքեան
Մասնաճիւղին անունը որոշուած է պատմական մեծ նշանակութիւն ունեցող հայկական Արազ գետին անունին հիման վրայ, եւ նկատի ունենալով նաեւ, որ մասնաճիւղը աշխարհագրականօրէն կ՛ընդգրկէ Ինլընտ Էմփայըրի շրջանը՝ անիկա կոչուած է ՀՄԸՄի Ինլընտ Էմփայըրի «Արազ» մասնաճիւղ:
Հակառակ փոքր մասնաճիւղ մը ըլլալու դժուարութիւններուն, ՀՄԸՄի «Արազ» մասնաճիւղի մեծագոյն նուաճումը 27 տարիներու գոյատեւումն է, որ արդիւնք է իր ղեկավարներուն եւ անդամներուն աշխոյժ գործունէութեան: Մասնաճիւղը կը մասնակցի եւ կը քաջալերէ Շրջանային Սկաուտական եւ Մարզական խորհուրդներուն մշակած ծրագիրները, ինչպէս Շրջանային սեմինարներ, ընդհանուր ժողովներ, Նաւասարդեան մարզախաղեր, եւ ամէն տարի կրպակ մը կ՛ունենայ Նաւասարդեան փառատօնի շրջափակէն ներս, որուն հասոյթէն կ՛ապահովէ մասնաճիւղի ամավարկը:
Մասնաճիւղին յատկապէս սկաուտական բաժանմունքը մնայուն ներկայութիւն է իր գաղութի համայնքային աշխատանքներուն մէջ: Անոր անդամները ամէն տարի կ՛այցելեն տեղւոյն ծերանոցը եւ իրենց նուէրներով եւ յատուկ ծրագիրով կ՛ուրախացնեն մեծահասակները, իսկ տօնական ուրախ օրերուն առիթով կը կազմակերպեն խաղալիք նուիրելու արշաւներ եւ կը յանձնեն զանոնք Լա Վըրնի ոստիկանական բաժինին՝ չքաւոր երեխաներու նուիրելու համար: Իսկ քրիստոնէական կրօնքի հանդէպ հաւատքը զօրացնելու նպատակով, սկաուտական բաժանմունքէն անդամներ, Կիրակի օրերը, պարբերաբար կ՛այցելեն Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ եկեղեցին եւ կը մասնակցին Ս. պատարագին:
Մասնաճիւղը սեփական կեդրոն չունի: Անիկա Կլենտորա շրջանին մէջ ապահոված է վարձու կեդրոն մը, ուր կը կատարուին սկաուտական հաւաքները, մասնաճիւղին առնչուող գործունէութիւնն ու ժողովները: Իսկ մարզական խումբերու փորձերուն համար կը վարձուին Լա Վըրնի Church of the Brethren-ի մարզադաշտերը:
1991ի Նաւասարդեան 16րդ եւ 1992ի Նաւասարդեան 17րդ մարզախաղերուն, այս մասնաճիւղի ֆութպոլի Ա. դասակարգի խումբը ախոյեան հանդիսացաւ, իսկ ութ տարիներ շարունակ, մասնաճիւղի լողի եւ թեթեւ աթլեթի մարզիկ-մարզկուհիները տիրացած են ոսկիէ, արծաթէ եւ պրոնզէ մետալներու:
Մասնաճիւղի սկաուտական բաժանմունքը աշխոյժ գործունէութիւն կը վարէ: Փոքրաթիւ այս գաղութին փոքրաթիւ սկաուտական բաժանմունքը պարբերաբար միջմասնաճիւղային բանակումներ կը կազմակերպէ: Նաեւ, կը գործակցի շրջանի ՀՄԸՄի գրեթէ բոլոր մասնաճիւղերու սկաուտական բաժանմունքներուն հետ՝ միասնաբար կազմակերպելով այցելութիւններ, կիրակնօրեայ միասնական ծրագիրներ եւ մանաւանդ՝ բանակումներ: Այս տարի, մասնաճիւղը ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղին հետ կազմակերպեց միացեալ ձեռնարկներ եւ բանակումներ:
«Արազ» մասնաճիւղի արի-արենուշները մասնակցեցան նաեւ Համա-ՀՄԸՄական վերջին հինգ բանակումներուն, որոնք տեղի ունեցան ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Բիւրականի բանակավայրը, Հայաստան:
Տարիներու ընթացքին, մասնաճիւղի վարչութիւնները կազմակերպած են դաստիարակչական սեմինարներ, որոնց ընթացքին միութենական նիւթերէ անկախ՝ մասնակիցներուն հրամցուցած են անհրաժեշտ նկատուող հետեւեալ նիւթերը.
– Ethics Development in the Armenian Youth
– SWAT analysis of the chapter
– Fund Raising and Recruitment
– Succession planning Seminars
2017-2018 տարեշրջանի «Արազ» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը բաղկանայ հետեւեալ քոյր-եղբայրներէն.
– Սիլվա Միրզայեան-Ղարիպեան՝ ատենապետ
– Վազգէն Գալայճեան
– Անգինէ Քէշիշեան
– Ժանօ Օհանէս Մազմանեան
– Վարուժան Պաղտասարեան
– Նայիրի Պաղտասարեան
– Անտրու Սահակեան
Մասնաճիւղի անդամներուն թիւը ներկայիս հասած է 100ի. անոնցմէ 30ը մարզիկներ են, 18ը՝ սկաուտներ, իսկ մնացեալը՝ գործօն անդամներ:
Մասնաճիւղը ամէն հինգ տարին անգամ մը կը նշէ իր հիմնադրութեան տարեդարձը: Տասը տարիներէ ի վեր, անընդմէջ, անիկա կը կազմակերպէ նաեւ Մայրերու օրուան ճաշկերոյթ եւ վաճառքի ձեռնարկը, որ մեծ յաջողութեամբ կ՛իրագործուի եւ անհամբերութեամբ կը սպասուի շրջանի հայութեան կողմէ:
Մասնաճիւղի աշխուժութեան եւ անդամներու միասնականութեան գլխաւոր գրաւականը Նաւասարդեան մարզախաղերն են, որոնց ընթացքին մասնաճիւղը միշտ կ՛ունենայ իր ճաշի վաճառքի կրպակը, ուր անշահախնդրօրէն եւ ուրախ տրամադրութեամբ կը գործեն մասնաճիւղի անդամներ՝ միութենական գեղեցիկ ու սիրալիր մթնոլորտի մը մէջ, որ կեանք կու տայ մասնաճիւղին:
Կը շնորհաւորենքձեր Նոր Տարին
եւ Սուրբ Ծնունդը,մաղթելով, որ
իրականանան ձերբոլոր անձնական,
ընտանեկանեւ ազգային իղձերը
Ս. ԵրրորդութիւնՀայց.ԱռաքելականԵկեղեցի
Ֆրեզնօ
Կը Շնորհաւորենք Նոր Տարին Եւ
Սուրբ Ծնունդը,Մաղթելով Ամենայն
Բարիք 2019ին
Ս. ԳրիգորԼուսաւորիչ
Հայց. Առաք. Եկեղեցի
Սան Ֆրանսիսքօ
Տէր Եւ Տիկ. Հրայր
Եւ Սոնա Աւետեաններ
Թող 2019ը Բերէ Խաղաղութիւն, Առողջութիւն
եւ Ուրախ Կեանք
Ալիք եւ Լոռի Պէրպէրեաններ
Նոր Տարին Յոյսերով
ու Բարիքներով Լի Տարի մը Ըլլայ