Քալիֆորնիոյ նահանգի մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի մէջ, փոքր թիւով հայկական գաղութ մը գոյութիւն ունի, որուն մաս կը կազմեն նաեւ մի քանի նախկին ՀՄԸՄականներ, որոնք աշխատանքի բերումով հաստատուած են հոն: Այս ՀՄԸՄականները, Սաքրամենթոյի հայ երեխաներու էութեան մէջ ազգային դիմագիծ եւ հայրենասիրութիւն դրոշմելու հեռանկարով, 2016ին, դիմելով ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան, առաջարկած են ՀՄԸՄի միաւոր մը հիմնել:
Դրական պատասխան ստանալով, անոնք ՀՄԸՄի միաւորը սկսած են փոքրերու ֆութպոլի խումբով մը, մարզիչ ունենալով Արամ Սարգիսեանը: Անդամարշաւի նպատակով, Շրջանային վարչութեան անդամ Արմանտ Գիլիճեան քանի մը հանդիպումներ ունեցած է միաւորի պատասխանատուներ՝ Սեւան Երկաթեանի, Արամ Սարգիսեանի եւ Յակոբ Չոբուրեանի հետ ու բացատրած է անոնց ՀՄԸՄի առաքելութիւնը, հետապնդած նպատակներն ու կառոյցը: Եղբայրը նաեւ ընդգծած է մօտիկ ապագային միաւորը մասնաճիւղի վերածելու կարեւորութիւնն ու կարելիութիւնները:
Միաւորը առաւել քաջալերելու եւ աշխոյժ գործունէութեան մղելու նպատակով, 15 Մայիս 2016ին, Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեան, ընկերակցութեամբ Արմանտ Գիլիճեանի, հանդիպում մը ունեցած է ՀՄԸՄի Սաքրամենթոյի միաւորի նոյն պատասխանատուներուն հետ:
Իբրեւ առաջին հրապարակային ելոյթ, միաւորը իր փոքրերու ֆութպոլի խումբով
մասնակցած է ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 41րդ մարզախաղերուն եւ անոր փակման շքերթին՝ ոգեւորելով ներկաները:
ՀՄԸՄի այս միաւորի ստեղծումը բխած է ՀՄԸՄի ռազմավարական ծրագրաւորումէն, ուր կը քաջալերուի միաւորներ ունենալու գաղափարը, այն շրջաններէն ներս, ուր հայկական համայնքներ գոյութիւն ունին, սակայն մասնաճիւղ հիմնելը դժուար է: Միաւորի դրութեամբ կարելիութիւն կը ստեղծուի համախմբելու հայ պատանիներն ու երիտասարդները մարզական, սկաուտական կամ հայապահպանման նպաստող այլ խմբակներու հետ:
Միաւորի աշխատանքներէն քաջալերուած, միաւորի եռանդամ պատասխանատու մարմնին միացած է նաեւ ՀՕՄի նախկին անդամ Աննա Կարապետեանը, որ ուսուցչական ասպարէզէն ներս լայն փորձառութիւն ունենալով, մեծապէս կը նպաստէ ֆութպոլի միաւորի աշխատանքներուն:
Միաւորը մեծապէս քաջալերուած ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 41րդ մարզախաղերու իր մասնակցութենէն, շարունակած է մասնակցիլ նաեւ Նաւասարդեան 42րդ եւ 43րդ մարզախաղերուն:
Ներկայիս միաւորի պատասխանատու մարմինը կը բաղկանայ հետեւեալ քոյր-եղբայրներէն.
Սեւան Երկաթեան
Արամ Սարգիսեան
Յակոբ Չոբուրեան
Աննա Կարապետեան
Միաւորը կը հաշուէ 20 անդամ, որոնց 12ը ֆութպոլի մարզիկներ են:
Շրջանային վարչութեան գրասենեակէն կը յայտնեն, թէ հայկական կարգ մը գաղութներ եւս հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են իրենց համայնքներէն ներս ՀՄԸՄի միաւորներ կամ մասնաճիւղեր կազմելու շուրջ, որպէսզի այս օտար ափերուն վրայ հասակ նետող հայ պատանիները համախմբուին ՀՄԸՄի դրօշին տակ եւ հայկականութեամբ լեցուին:
Լաւագոյն մաղթանքներով
կը շնորհաւորենք Նոր Տարին
եւ Ս. Ծնունդը մեր բոլոր
հայրենակիցներուն եւ բարեկամներուն
Տարօն-Տուրուբերանի Հայրենակցական Միութիւն
Merry Christmas and
Happy New Year
from all of us
at JM Tobacco, Inc.
jm`s cigars