Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ Սէն Հոզէ քաղաքի եւ շրջակայ տարածքներու հայութիւնը համախմբելու անհրաժեշտութենէն մեկնած, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ շրջանէն բազմաթիւ երիտասարդներ մարզական եւ սկաուտական իրենց հետաքրքրութիւնը գոհացնելու համար մինչեւ Սան Ֆրանսիսքօ կը քշէին, Սէն Հոզէի մէջ ՀՄԸՄի մասնաճիւղ մը հիմնելը խիստ անհրաժեշտ նկատուեցաւ:
Այս անհրաժեշտութիւնը իրականութիւն դարձաւ շնորհիւ եղբայրներ Շահիկ Աղապապեանի, Վաչիկ Սարգիսեանի եւ Հրայր Թաշճեանի ճիգերուն: Նախաձեռնութիւնը մեծապէս քաջալերեց օրուան Շրջանային վարչութիւնը, որուն ներկայացուցիչ Մարօ Քէշիշեան քանի մը ամիսներ շաբաթական դրութեամբ այցելեց շրջանը, գաղութին եւ ՀՄԸՄի անդամներուն ծանօթացուց ՀՄԸՄԻ կանոնագիրը, առաքելութիւնը, նպատակներն ու կազմակերպական աշխատանքները: Մասնաճիւղի կազմութեան իր բացառիկ ներդրումը ունեցաւ տեղւոյն Քուփըրթինոյի Ս. Անտրու եկեղեցւոյ հովիւ Վազգէն Քհնյ. Մովսէսեանը, որուն արտօնութեամբ նաեւ եկեղեցւոյ սրահը տրամադրուեցաւ ՀՄԸՄի աշխատանքներուն:
Մասնաճիւղի հիմնադիր ժողովը գումարուեցաւ 12 Մայիս 1991ին, 65 ՀՄԸՄասէրներու մասնակցութեամբ, հետեւեալ քոյր-եղբայրները հիմնադիր վարչութեան անդամ ընտրուեցան.
Հրայր Թաշճեան՝ Ատենապետ
Սիլվա Սթանպուլեան
Վահէ Պարոնեան
Սանան Աղպապեան
Ժանօ Խաչիկեան
Վաչիկ Պետրոսեան
Տիգրան Պապիկեան
Յայտնենք, թէ մինչ այդ Սանթա Գլարայի շրջանէն ներս կը գործէր «Անի» հայկական ընկերային կազմակերպութիւնը, որ շրջանի հայկական գաղութը համախմբելու եւ աշխուժացնելու նպատակով տարեկան հաւաքոյթներ եւ դաշտահանդէսներ կը կազմակերպէր: Նկատի ունենալով, որ այդ կազմակերպութիւնը արդէն իսկ լուծարուած է եւ իր հիմնադրամներէն մաս մը նորաստեղծ ՀՄԸՄի մասնաճիւղին նուիրած էր, որոշուեցաւ մասնաճիւղը կոչել ՀՄԸՄի Սանթա Գլարայի «Անի» մասնաճիւղ: Այս անունի որդեգրումը նաեւ կը յիշեցնէր հայութեան պատմական Անի քաղաքը:
Հակառակ փոքրաթիւ գաղութի միութենական անփորձութեան եւ ՀՄԸՄի կեդրոնի մը բացակայութեան, մասնաճիւղը աշխուժութեամբ կը գործէ, ինչպէս նաեւ մօտէն կը գործակցի տեղւոյն Ս. Անտրու եկեղեցւոյ հետ, որուն նաեւ սրահը կը գործածէ սկաուտական շաբաթական աշխատանքներուն համար, իսկ մարզական փորձերու համար մարզադաշտեր կը վարձէ:
Մասնաճիւղի քարոզչութիւնը կատարելու, ինչպէս նաեւ անդամները համախմբելու հեռանկարով, վարչութիւնը ամէն տարի կը կազմակերպէ.
– Մասնաճիւղի հիմնադրութեան տարեդարձին նուիրուած հրապարակային ձեռնարկ:
– Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկ՝ շրջանի Քուփըրթինոյի Ս. Անտրու Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ, տեղւոյն քոյր մասնաճիւղերուն եւ կազմակերպութիւններուն հետ միասնաբար:
– Կը մասնակցի Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի մէջ կազմակերպուած Ապրիլեան եղեռնի նուիրուած Ջատագովման միօրեայ աշխատանքներուն: Նոյն օրը, նահանգային խորհրդարանին մէջ կը կատարէ օրուան դրօշակի արարողութիւնը:
– Խթումի գիշերը Ս. Ծննդեան երգերով համայնքին կ՛աւետէ Ս. Ծննդեան տօնը:
– Մասնաճիւղի անունով, Սէն Հոզէի գլխաւոր զբօսայգիին մէջ կը յարդարէ տօնածառ:
– Ուրախալի է, որ մասնաճիւղը 2018ին սկսած է «Երիտասարդներու Ապագայ Ծրագիր»ը, որ կը նախատեսէ ամէն տարի իրականացնել:
Հակառակ աշխարհագրական հեռաւորութեան, մասնաճիւղի մարզական խումբերը ամէն տարի կը մասնակցին ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերուն եւ պատուաբեր արդիւնքներ կ՛արձանագրեն: Մասնաճիւղը ընդհանրապէս շահած է Վոլիպոլի ախոյեանութիւնը: Զանազան տարիներ ախոյանութիւններու տիրացած է նաեւ ֆութպոլի, լողի, թեթեւ աթլեթի եւ թենիսի մարզաճիւղերուն մէջ:
Մասնաճիւղի համար յատկանշական տարի մը եղած է 1995ը, Նաւասարդեան մարզախաղերուն մասնակցութեամբ, որուն ընթացքին ընդհանուր դասաւորման մէջ ախոյեան հանդիսացած է ֆութպոլի, լողի, թեթեւ աթլեթի եւ թենիսի մարզաճիւղերուն մէջ, իսի 3րդ՝ պասքեթպոլի:
1996ին, տիրացած է նահատակ Վարդան Բախշեանի յիշատակին նուիրուած սկաուտական մրցանակին:
Մասնաճիւղը մօտէն կը գործակցի իրեն մօտակայ Սան Ֆրանսիսքոյի, Ուոլնաթ Քրիքի «Կարս» եւ Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղերուն հետ, միասնաբար միջ-մասնաճիւղային բանակումներ, դաշտահանդէսներ եւ տարեկան ձեռնարկներ կազմակերպելով:
Մասնաճիւղի առաջարկութեամբ, Շրջանային վարչութեան կողմէ «ՀՄԸՄի Ծառայութեան» շքանշանին արժանացած են հետեւեալ քոյր-եղբայրները.
Հրայր Թաշճեան, 2015ին
Ռինա Չանչանեան, 2016ին
Մարալ Փանոսեան, 2017ին
Արթ Խաչատուրեան, 2018ին
2017ին, Շրջանային վարչութեան կողմէ տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեանին ընծայուած է «Տիպար ՀՄԸՄական–2017» տիտղոսը:
Մասնաճիւղը իր կարելին ի գործ դրած է մասնակցելու ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած Համա-ՀՄԸՄական բանակումներուն եւ մարզախաղերուն: Այսպէս.
2005ի Համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերուն մասնակցած է 3 մարզիկներով:
2017ին՝ 10 մարզիկներով եւ իրաւարարներով: Նոյն տարին ախոյեանութեան բաժակին արժանացած է ֆութպոլի Upper 18 դասակարգին մէջ:
2014ի Համա-ՀՄԸՄական Սկաուտական Ընդհանուր բանակումին սկաուտական փոքրաթիւ խմբակով մը, իսկ 2018ին՝ 10 արի-արենուշներով:
Մասնաճիւղը յաճախ դաստիարակչական սեմինարներ կը կազմակերպէ եւ գլխաւորաբար կը կեդրոնանայ ծրագրաւորման, Հայոց պատմութեան եւ միութենական կազմակերպական նիւթերու վրայ:
Ներկայիս մասնաճիւղի վարչութեան կազմը կը բաղկանայ հետեւեալ քոյր-եղբայրներէ.
Վահէ Պարոնեան՝ Ատենապետ
Գրիգոր Գրիգորեան
Մարտիկ Տէօվլէթեան
Մարալ Պուրսալեան
Թոմաս Չանչանեան
Ռոլանտ Մաթեան
Կարէն Տէր Խաչատուրեան
Այս տարեշրջանի մասնաճիւղի անդամները կը հաշուեն 170 հոգի, որոնց 61ը սկաուտներ են, 138ը՝ մարզիկներ եւ 43ը՝ երէցներ: