1952ին Մոնթեպելլոյի գաղութէն ներս Հայկական ակումբի հիմնումով սկիզբ առաւ հայ մարզական կեանքը: Հայկական այս ակումբը մեծ ժողովրդականութիւն շահեցաւ եւ մեծ թիւով երիտասարդութիւն համախմբեց իր շուրջ՝ գլխաւորաբար կազմելով ֆութպոլի զանազան դասակարգի խումբեր: 1968ին, 15ամեայ այս Հայկական ակումբի ֆութպոլի խումբը կը տիրանայ Քալիֆորնիոյ Ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան:
Նոյն տարին, երբ կը հիմնուի ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը, Հայկական ակումբը կը միանայ ՀՄԸՄին, եւ անոնք միասնաբար հրապարակային ձեռնարկով մը կը տօնախմբեն ՀՄԸՄի 50ամեակը: 1969ին, ՀՄԸՄի Մոնթեպելլոյի ֆութպոլի խումբը կը նուաճէ Քալիֆորնիոյ եւ Միջին Ամերիկայի ախոյեանութիւնը, իսկ 1972ին, կը միանայ ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի ֆութպոլի խումբին, եւ միասնաբար ախոյեանութեան փայլուն յաղթանակներ կ՛արձանագրեն:
1974ին, նկատի ունենալով, որ Մոնթեպելլոյի մէջ հայութեան թիւը աճած էր եւ քաղաքէն ներս արդէն իսկ ՀՕՄի մասնաճիւղեր կը գործէին՝ որոշում կը կայացուի հիմնել ՀՄԸՄի Մոնթեպելլոյի մասնաճիւղը, որուն հիմնադիր վարչութեան մաս կը կազմեն եղբայրներ՝
– Օննիկ Աբրահամեան
– Քերոբ Առաքելեան
– Պորիս Կիրակոսեան
– Մինաս Մարգարեան
– Նշան Սարաֆեան
Մասնաճիւղը, իր հիմնադրութեան առաջին երեք տարիներուն, մարզական եւ ընկերային աշխոյժ եւ ուշագրաւ գործունէութիւն կը վարէ: Սակայն, այնուհետեւ, որոշ դժուարութիւններու դէմ յանդիման գալով՝ 1979ին կը կազմալուծուի: Այս իրողութիւնը ցաւ կը պատճառէ մեծ թիւով ՀՄԸՄականներու, որոնք 25 Սեպտեմբեր 1980 թուակիր նամակով մը կը դիմեն ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան՝ վերակազմելու համար մասնաճիւղը: Դրական պատասխան ստանալէ ետք, նշանակուած ժամանակաւոր վարչութիւնը աշխատանք կը տանի աշխուժացնելու մասնաճիւղը եւ՝ կը յաջողի: Արդարեւ, 1981ին, մասնաճիւղը արդէն իսկ 75 երկսեռ մարզիկներ եւ 20 անդամ-ադամուհիներ կ՛ունենայ: Իսկ 1981ին, անիկա կ՛ունենայ ֆութպոլի, պասքեթպոլի, վոլիպոլի, թեթեւ աթլեթի եւ թենիսի երկսեռ խումբեր, եւ նոյնիսկ կը մասնակցի ՀՄԸՄի 6րդ Ողիմպիական մարզախաղերուն:
1982ին, մասնաճիւղի գործօն անդամներէն՝ միջազգային իրաւարար Թորոս Բարսեղեան, Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի ֆութպոլի մրցումներ ղեկավարող 120 իրաւարարներու մէջէն լաւագոյնը՝ թիւ 1 իրաւարարը կ՛ընտրուի, ինչ որ մեծ պատիւ կը համարուի ՀՄԸՄին եւ յատկապէս մասնաճիւղին: 1983ին, վարչութիւնը մասնաճիւղի տարեկան ձեռնարկը կը նուիրէ ՀՄԸՄի 65ամեակին՝ դրական արձագանգ ձգելով: Սակայն, հակառակ այս բոլորին, մասնաճիւղը դարձեալ ընկրկում կ՛ապրի:
Քանի մը տարիներու անմխիթար վիճակէն ետք, Շրջանային վարչութիւնը դարձեալ ընդառաջելով Մոնթեպելլոյի հայ գաղութէն ներս ՀՄԸՄի մասնաճիւղը վերաշխուժացնելու դիմումին՝ Սեպտեմբեր 1985ին կը նշանակէ վարչութեան նոր կազմ մը, որ անմիջապէս կ՛անցնի անդամարշաւի, սկաուտական միաւոր ստեղծելու, ինչպէս նաեւ ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի խումբերը վերակազմելու աշխատանքին:
1985ին, մասնաճիւղի վարչութեան եւ տնօրէն Վիգէն Յովսէփեանի քաջալերանքով՝ Մեսրոպեան Ազգային վարժարանէն ներս աշակերտական սկաուտական միաւոր մը ստեղծելու գործունէութիւն կը տարուի, ղեկավարութեամբ ուսուցչուհի եւ Շրջանային խմբապետուհի Մարօ Քէշիշեանի, որ դրական արձագանգ կ՛ունենայ: Այս նախաձեռնութեամբ, մասնաճիւղը կ՛ունենայ 50 հոգինոց սկաուտական բաժանմունք մը: Կ՛աշխուժանան նաեւ մարզական խումբերը, որոնք յատկապէս ՀՄԸՄի 11րդ մարզախաղերուն կը մասնակցին մարզական եւ սկաուտական մեծ պատուիրակութեամբ մը եւ փայլուն յաղթանակներ կ՛արձանագրեն:
Մասնաճիւղի մարզական փորձերը կը կատարուին վարձու, երբեմն ալ՝ քաղաքապետարանի մարզադաշտերուն վրայ:
Կարելի է նշել, որ անցեալին, ՀՄԸՄի Մոնթեպելլոյի մասնաճիւղը եղած է նախանձելի մասնաճիւղ մը, որուն մարզական խումբերը մասնակցած են ՀՄԸՄի Գանատայի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած միջշրջանային մարզախաղերուն՝ տիրանալով ֆութպոլի ախոյեանութեան:
1986ին, ներկայացնելով ՀՄԸՄի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանը՝ այս մասնաճիւղը ՀՄԸՄի Համագաղութային մրցումներուն հանդիսացած է պասքեթպոլի ախոյեան, իսկ նոյն տարուան Լոս Անճելըսի Լիկի պասքեթպոլի մրցումներուն, 32-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իրեն դէմ մրցող խումբը՝ առաջնութեան տիրացած է:
1996ին, մասնաճիւղի վաստակաշատ անդամներէն՝ Վարդգէս Արապեանը «Տիպար ՀՄԸՄական» տիտղոսին արժանացած է օրուան Շրջանային վարչութեան կողմէ: Իսկ Սարգիս Նուրեան, 2013ին ստանձնած է ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 13րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահի պաշտօնը: Նաեւ, մասնաճիւղէն եղբայրներ Ռաֆֆի Պետրոսեան, Մանուկ Զէյթունեան եւ Արա Եսայեան արժանացած են շրջանի ՀՄԸՄի բարձրագոյն «Ծառայութեան շքանշան»ին:
Իր հիմնադրութեան յաջորդող առաջին երկու տասնամեակներուն, այս մասնաճիւղը մեծ յաջողութիւններ արձանագրած է յատկապէս մարզական կեանքէն ներս: Անիկա մասնակցած է ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերուն եւ բազմաթիւ անգամներ տիրացած է Վոլիպոլի, պասքեթպոլի եւ ֆութպոլի ախոյեանութեանց:
Քանի մը անգամներ, որոշ ցն-ցումներ ապրելով հանդերձ, շնորհիւ կարգ մը հաւատաւոր ՀՄԸՄականներու՝ մասնաճիւղը յաջողած է ոտքի կանգնիլ: Անոր մարզական խումբերը, վերջին չորս տարիներուն, անընդմէջ մասնակցած են ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերուն: Սակայն, հետզհետէ շրջանի հայութեան եւ յատկապէս երիտասարդութեան՝ Մոնթեպելլոյի շրջանէն հեռանալը մեծապէս ազդած է մասնաճիւղի միութենական կեանքին:
Ներկայիս, մասնաճիւղը սկաուտական բաժանմունք չունի: Սակայն անոր մարզական կեանքը բաւակա՛ն յուսադրիչ է: Մասնաճիւղի մարզական կեանքէն ներս ակնյայտ է Գեւ Պաղոյեանի ներդրումը՝ իբրեւ ֆութպոլի աստղ: Մասնաճիւղի մարզիկները կը մասնակցին Համա-ՀՄԸՄական Հայաստանի, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու մէջ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած մարզախաղերուն: Հայաստանի մէջ կազմակերպուած վերջին Համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերու թեթեւ աթլեթի մրցումներուն մասնակցած սոյն մասնաճիւղի անդամներէն Անայիս Մալազեանը, արժանացած է վեց արծաթէ եւ երկու պրոնզէ մետալներու, իսկ մանչերու խումբը 400 մեթր դրօշարշաւի մրցումներուն երկրորդ հանդիսանալով՝ արժանացած է արծաթէ բաժակին:
Մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գործակցի իր շրջանի Մեսրոպեան Ազգային վարժարանին հետ եւ ջանք կը թափէ վարժարանի աշակերտութիւնը ներգրաւելու իր մարզական շարքերը: Վարչութիւնը նաեւ կը հովանաւորէ հինգ տարեկան եւ վեր փոքրերու մարզական մարզումի ծրագիրներ, ուր յատկապէս կ՛ուսուցանուին մարզանքի եւ մրցակցութեան իմաստն ու կարեւորութիւնը:
Միւս կողմէ, մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբը գաղութէն ներս կը կազմակերպէ հաճելի ընկերային հաւաքներ՝ համայնքին եւ ՀՄԸՄին կապը ամուր հիմքերու վրայ դնելու հեռանկարով:
Մասնաճիւղի ներկայ վարչութեան կազմը կը բաղկանայ հետեւեալ եղբայրներէն.
– Գեւ Պաղոյեան
– Արա Մալազեան
– Արթ Գումասեան
Մասնաճիւղը ներկայիս ունի 74 մարզիկ եւ 9 գործօն անդամ:
ՓԱՍԱՏԻՆԱ
ՀՅԴ «Լեռնավայր» Կոմիտէութիւն
Փասատինայի Ս. Սարգիս Հայց. Առաք. Եկեղեցի
ՀԵԴ «Նիկոլ Դուման» Ուխտ
ՀՅԴ Պատանեկան Միութիւն
ՀՕՄի «Սօսէ» Մասնաճիւղ
ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» Մասնաճիւղ
Համազգայինի «Շահան Շահնուր» Մասնաճիւղ
«Լեւոն Եւ Յասմիկ Թաւլեան» Ազգ. Մանկամսուր
Տարեցներու Միութեան Փասատինայի Մասնաճիւղ
ՅԱՐԱՏԵՒ ՊԱՅՔԱՐ՝ ՄԻՆՉԵՒ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄ
Կը Շնորհաւորենք կեդրոնի բարերարներուն, ուղղեկից միութիւններուն, Շրջանի Եւ Համայն Հայութեան Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը