Կլենտէյլի ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէն, նկատելով, որ Կլենտէյլը հետզհետէ հայահոծ գաղութի կը վերածուի՝ անհրաժեշտ կը գտնէ ՀՄԸՄի մասնաճիւղ մը հիմնել այնտեղ եւ այս իմաստով կը դիմէ ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան:
Ընդառաջելով կոմիտէի դիմումին՝ Շրջանային վարչութիւնը 15 Դեկտեմբեր 1978ին, «Ահարոնեան» կոմիտէութեան Հայ կեդրոնի սրահին մէջ կը կազմակերպէ մասնաճիւղի հիմնադիր ժողովը, որուն կը հրաւիրէ նաեւ Շրջանային վարչութիւնը, Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուցիչներ եւ մասնաճիւղի հիմնադիր 31 երկսեռ անդամներ:
Յայտնենք, որ հիմնադիր ժողովէն ամիսներ առաջ, շրջանը բնակող Թեհրանի Հայ Մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան (ՀՄԱԿ) անցեալի սկաուտներու խումբ մը, արդէն իսկ ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին հետ սկաուտական աշխատանքներ եւ բանակումներ կ՛իրականացնէր. անոնք նաեւ ֆութպոլի խումբ մը կազմած էին:
Նոյն ժողովին կ՛որոշուի նորաստեղծ մասնաճիւղը կոչել Թեհրանի ՀՄԱԿին անունով՝ «Արարատ», իսկ մասնաճիւղի անդրանիկ վարչութեան անդամ կ՛ընտրուին հետեւեալ քոյր-եղբայրները.
– Ռուբիկ Գիւրջեան՝ ատենապետ
– Հրայր Մեսրոպեան (մահացած)
– Հիլդա Յովհաննիսեան
– Վարուժ Միրզայեան
– Վարուժ Շխրտմեան
Սկզբնական տարիներուն, մասնաճիւղը կ՛ունենայ երկու սենեակնոց կեդրոն մը, ուր աշխոյժ գործունէութիւն կը տանի: Այսօր, 40 տարիներ ետք, մասնաճիւղը նոյն թափով կը շարունակէ իր աշխատանքները, եւ շնորհիւ իր անցեալի ու ներկայի վարչական կազմերուն եւ անդամներու աննահանջ ու նուիրեալ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ առատաձեռն նուիրատուներուն, կտակարարներուն եւ դրամաշնորհներուն՝ մասնաճիւղը տէր դարձած է երկու հսկայական կեդրոններու, ուր մեղուափեթակներու նման բեղուն գործունէութիւն կը կատարուի:
Անցած 40 տարիներուն ընթացքին, բնականաբար, մասնաճիւղը իր արձանագրած յաջողութիւններուն առընթեր՝ դիմագրաւած է նաեւ մեծ դժուարութիւններ, որոնք, սակայն, նուիրեալ ու ՀՄԸՄականի բարձր ոգիով դաստիարակուած անդամներուն կողմէ հարթուած են ու պիտի շարունակուին հարթուիլ:
«Արարատ»ի շարքերէն անցած ու անոր գործունէութեանց մասնակցած են առաւել քան 6000 անդամներ: Մասնաճիւղի յարկին տակ հասակ առած փոքրիկները այսօր համայնքին մէջ կարկառուն դէմքեր դարձած են՝ բժշկական, ազգային, հասարակական, իրաւագիտական եւ բազմաթիւ այլ բնագաւառներու մէջ:
Աւելի՛ն, վերջին քսան տարիներու դրական գործունէութեան պատճառով, մասնաճիւղը աւելի քան մէկ միլիոն տոլար կազմող նպաստներ ստացած է, իսկ օր ըստ օրէ ընդարձակուող իր ծրագիրներուն եւ գործունէութեանց շնորհիւ՝ անիկա իր համայնքին վստահութիւնը, սէրն ու յարգանքը կը վայելէ:
Մասնաճիւղը մեծաթիւ խումբերով մասնակցած է Շրջանային վարչութեան կազմակերպած տարեկան Նաւասարդեան մարզախաղերուն եւ տարբեր մարզաձեւերու մէջ ախոյեան հանդիսացած: Յատկանշական է, որ այս տարի, ՀՄԸՄի 43րդ Նաւասարդեան մարզախաղերուն, Կլենտէյլի մասնաճիւղի մարզական բաժանմունքը ախոյեան հանդիսացաւ ֆութպոլի, պասքեթպոլի, վոլիպոլի եւ փինկ-փոնկի ճիւղերուն մէջ:
Նաեւ, 2018ին, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 43րդ մարզախաղերու Պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնեցին սոյն մասնաճիւղի վաստակաշատ անդամներէն՝ տէր եւ տիկ. Համլէթ եւ Կրեթա Չրախչեանները: Իսկ Շրջանային վարչութիւնը, մասնաճիւղին հետեւեալ նուիրեալ անդամներուն շնորհած ՝ «Տիպար ՀՄԸՄական»ի տիտղոսը.
– Սեւակ Սագինեան (մահացած)՝ 1991ին
– Ժասիկ Ջառահեան՝ 2001ին
– Լիլիթ Բաղդասարեան՝ 2005ին
– Ռուբէն Գիւրջեան՝ 2013ին
– Համլէթ Չրախչեան՝ 2014ին
– Գրիգոր Մկրեան՝ 2016ին
Կլենտէյլի մասնաճիւղի մարզական եւ սկաուտական աշխատանքները կը կատարուին մասնաճիւղի զոյգ կեդրոններուն մէջ, իսկ հարկ եղած պարագային՝ նաեւ վարձու այլ մարզադաշտերու վրայ:
Մարզական թեւի թուային աճին իբրեւ հետեւանք, 2004էն ի վեր անիկա բաժնուած է երկու բաժանմունքներու՝ պասքեթպոլի եւ ընդհանուր մարզական: Զոյգ բաժանմունքներն ալ, առօրեայ իրենց փորձերէն անկախ, կը մասնակցին նաեւ շրջանային, միջմասնաճիւղային եւ այլ մարզախաղերու: Մարզական բաժանմունքը ցարդ կազմակերպած է եւ կը շարունակէ կազմակերպել թէ՛ միջմասնաճիւղային եւ թէ առանձին մարզախաղեր, որոնցմէ կ՛արժէ նշել հետեւեալները.
– Կլենտէյլի Բարեկամական մար-զախաղեր (Glendale Friendship Games)
– Պասքեթպոլի HABC մարզախաղեր
– Վոլիպոլի մրցաշարք
– Ֆութպոլի HASC մրցաշարք
– Փինկ-փոնկի Sanctioned Tournament՝ վաւերացուած USATT-ի կողմէ:
Մասնաճիւղը մեծաթիւ մասնակցութիւն բերած է նաեւ արտասահմանի թէ հայրենիքի մէջ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ կազմակերպուած Համագաղութային եւ Համա-ՀՄԸՄական բոլոր մարզախաղերուն եւ բանակումներուն:
2003ին, առաջին անգամն ըլլալով, այս մասնաճիւղի Մարզական բաժանմունքը Կլենտէյլ քաղաքին անունով մասնակցեցաւ Հայաստանի պետութեան կողմէ հայրենիքի մէջ կազմակերպուած Համահայկական խաղերուն եւ փայլուն յաղթանակներ արձանագրեց: Նոյն մրցումներուն, տղոց պասքեթպոլի խումբը ախոյեան հանդիսացաւ, իսկ աղջիկներունը գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Հայրենասիրութենէ մղուած, մասնաճիւղը իր հայրենիք այցելութիւններուն ընթացքին մարզական բազմաթիւ նուէրներ եւ պիտոյքներ նուիրած է տեղական դպրոցներու, ինչպէս նաեւ հոգացած է Երեւանի թիւ 106 եւ 86 դպրոցներու մարզադաշտերուն նորոգման եւ բարեկարգման ծախսերը:
Մասնաճիւղի Մարզական բաժանմունքէն կարգ մը մարզիկ-մարզկուհիներ, իրենց լաւ խաղարկութեան համար ընդգրկուած են հայրենի պասքեթպոլի հաւաքական խումբին մէջ եւ կարեւոր դեր խաղացած են խումբին արձանագրած յաղթանակներուն մէջ:
2010ին, աղջկանց Ա. դասակարգի պասքեթպոլի մարզկուհիներէն՝ Քրիսթին Քէփենէքեան եւ Արփինէ Ամիրխանեան ընդգրկուեցան Հայաստանի աղջկանց ազգային հաւաքական խումբին մէջ, որ մասնակցեցաւ եւ ախոյեան հանդիսացաւ եւրոպական ութ փոքր երկիրներու միջեւ կազմակերպուած մրցաշարքին: Մրցաշարքի լաւագոյն մարզիկը ճանչցուեցաւ Քրիսթին Քէփենէքեան:
2010ին, մասնաճիւղի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի մանչերու խումբէն մարզիկներ Զարեհ Զարգարեան եւ Անտրէ Սփիխթ-Մկրտչեան հրաւիրուեցան Հայաստանի մանչերու ազգային հաւաքական խումբը, որ նաեւ մասնակցեցաւ եւրոպական ութ փոքր երկիրներու միջեւ կազմակերպուած մրցաշարքին՝ ախոյեան հանդիսանալով: Խումբին խմբապետ նշանակուեցաւ Զարեհ Զարգարեանը, իսկ նշեալ մրցաշարքի լաւագոյն մարզիկը յայտարարուած է Անտրէ Սփիխթ-Մկրտչեան:
Համա-ՀՄԸՄական բանակումներուն մասնակցած Կլենտէյլի մասնաճիւղի արի-արենուշները եւս օժանդակած են Արցախին եւ Հայաստանին: Անոնք օգտակար հանդիսացած են Գիւմրիի մէջ դպրոցի մը վերանորոգման աշխատանքներուն եւ տարբեր այլ ծրագիրներու: Մասնաճիւղի 40ամեակին առիթով, նշեալ անդամները «Հայաստան ծառատունկ» ծրագիրին հետ գործակցաբար 40 ծառ տնկած են հայրենիքի մէջ:
Տեղական իմաստով, հպարտութեամբ պէտք է արձանագրել, որ այս մասնաճիւղին սկաուտները, Նորընծայի, Երկրորդ եւ Առաջին սկաուտական կարգերէն անկախ՝ յաջողութեամբ արժանացած են նաեւ ՀՄԸՄի Վկայեալ կարգին եւ Ամերիկեան Սկաուտութեան (Boy Scouts of America – BSA) Wood Badge-ին, ինչպէս նաեւ՝ Արարատեան կարգին: Սկաուտական բաժանմունքին մէջ, մասնաճիւղը առաջինն է, որ սկսած է հետեւելու BSA-ի Eagle Scout կարգին, որ BSA-ի բարձրագոյն կարգն է եւ որուն ցարդ արժանացած են 21 սկաուտներ:
Դաստիարակչականի մարզին մէջ, մասնաճիւղը՝
– Ամէն տարի կը կազմակերպէ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ծրագիրներ.
– 6 Հոկտեմբեր 2005ին նշեց Հայոց գիրերու գիւտի 1600ամեակը.
– Ամէն տարի կը կազմակերպէ մշակութային ձեռնարկներ.
– Woodbury համալսարանին հետ գործակցաբար կազմակերպած է Elevate Talks նախաձեռնութիւնը.
– Ձեռնարկած է Ընտանեկան եւ Առողջ ուտեստեղէնի մասին սեմինարներ.
– Կրթաթոշակներ տրամադրած է իր յառաջադէմ ուսանող անդամներուն.
– Sportsmanship award-ներ շնորհած է:
Մասնաճիւղի յատկանշական ծրագիրներէն մեծագոյնը պէտք է նկատել 2005ին կազմակերպուած եւ Հայոց գիրերու գիւտի 1600ամեակին նուիրուած՝ բարձր մակարդակի նկարչութեան ցուցահանդէսը, որ հովանաւորուեցաւ Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանին եւ Լոս Անճելըսի Հայաստանի հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան կողմէ: Ցուցահանդէսին բացումը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, որ այդ օրերուն հայրապետական այցելութեամբ շրջանս կը գտնուէր: Պատմական այս նախաձեռնութեան մասնակցեցան մեծ թիւով արուեստասէրներ:
Մասնաճիւղը նաեւ բախտաւորութիւնը ունեցած է ընդունելու Forest Lawn ASF Endowment-ը եւ Վահէ Արծրունիի իշխանական նուիրատուութիւնը, որոնք մեծապէս նպաստած են մասնաճիւղի վերելքին:
Երկու կեդրոններուն մէջ կը կատարուին մարզական, սկաուտական եւ մշակութային աշխատանքներ: Մասնաճիւղի կեդրոններուն մէջ հիւրընկալուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երկու կաթողիկոսներ՝ Գարեգին Ա. եւ Արամ Ա., ինչպէս նաեւ պետական բարձրաստիճան բազմաթիւ պաշտօնեաներ եւ մասնաճիւղի բարերարներ:
Մասնաճիւղին անունը կրող երգչախումբը, շաբաթական փորձեր կատարելով՝ կը պատրաստուի տարեկան իր համերգին, ինչպէս նաեւ մասնակցութիւն կը բերէ համայնքի հայ եւ տեղական ծրագիրներու:
Մասնաճիւղի կեդրոնին մէջ յաջողութեամբ կը շարունակուին նաեւ փոքրերու ամառնային ամէնօրեայ ծրագիրը:
Սոյն մասնաճիւղը ունի 300 կամաւորներ, որոնք իրենց օգտակար ներդրումը կը բերեն մասնաճիւղի նիւթական բաժինի հզօրացման: Ըստ պահանջի՝ անոնք նաեւ հասութաբեր բազմազան ձեռնարկներ կը կազմակերպեն:
Ներկայիս, Կլենտէյլի մասնաճիւղի վարչութեան կազմը կը բաղկանայ հետեւեալ քոյր-եղբայրներէն.
– Սերժիկ Գրակասեան՝ ատենապետ
– Ռուբինա Արշակեան
– Էմիլ Տէր Գէորգեան
– Լինդա Մուսայեան
– Վազրիկ Խոսրովեան
– Մելինէ Իւնանեան
– Կարէն Մեսրոպեան
– Մոսիկ Քիզիրեան
– Զարեհ Մովսիսեան
– Հենրիկ Սարդարբէգեան
– Թալին Խեչումեան
Այս տարեշրջանին, ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղը կը հաշուէ 1731 անդամներ, որոնք կը գործեն հետեւեալ բաժանմունքներուն մէջ.
– Սկաուտական բաժանմունքը ունի 400 անդամ.
– Մարզական բաժանմունքին մէջ ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն վայելողը պասքեթպոլի մարզաձեւն է, որուն անդամ են 939 մարզիկ-մարզկուհիներ.
– Մնացեալ մարզաձեւերուն անդամ են 518 մարզիկ-մարզկուհիներ.
– Երէցական բաժանմունքին անդամ է 223 հոգի.
– Մշակութային բաժանմունքին՝ 37 հոգի.
– Ծրագիրներու բաժանմունքին՝ 75 հոգի:
Կը Շնորհաւորենք Շրջանի Եւ Համայն Հայութեան Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը
ՅԱՐԱՏԵՒ ՊԱՅՔԱՐ ՄԻՆՉԵՒ ՅԱՂԹԱՆԱԿ
ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» Կոմիտէութիւն
Ֆրեզնոյի ՀՅԴ-ՀԵԴ «Գէորգ Չաւուշ» Ուխտ
ՀՅԴ «Քրիստափոր Պատանեկան Միութիւն
Ֆրեզնոյի Հայ Դատի Յանձնախումբ – ANC Fresno
ՀՕՄի Ֆրեզնոյի «Մայր» Մասնաճիւղ
ՀՕՄի Ֆրեզնոյի «Սոֆիա» Մասնաճիւղ
Համազգայինի
Ֆրեզնոյի «Դանիէլ Վարուժան» Մասնաճիւղ
ՀՄԸՄի Ֆրեզնոյի «Սասուն» Մասնաճիւղ
ՖՐԵԶՆՕ
Արեւելեան Հովիտ
ՀՅԴ «Բաբգէն Սիւնի» Կոմիտէ
Հայց. Առաքելական Ս. ԵկեղեցւոյՀոգաբարձութիւն
Եւ Երեսփոխանական կազմ,
Տիկնանց Միութիւն, Դպրաց Դաս, Կիրակնօրեայ Դպրոց
ՀՕՄի «Մեղրի» Մասնաճիւղ
ՀՄԸՄի «Ջաւախք» Մասնաճիւղ
Կու Գան Շնորհաւորելու Համայն Հայութեան
Ամանորը Եւ Ս. Ծնունդը,
Հայցելով Խաղաղութիւն Եւ Երջանկութիւն