Հեղինակաւոր «Ֆորպզ» (Forbes) ամսագիրը ներկայացուցած է ամէնէն աժան ուղղութիւնները՝ 2019ին ճանապարհորդելու համար: Ցանկը կազմելու համար, հեղինակը դիմած է զբօսաշրջութեան փորձագէտներու օգնութեան, խնդրելով երկուքական ուղղութիւն նշել կարօտալի յուշերու վերաբերեալ՝ վայր առ վայր, ուր վերջերս այցելած են եւ կը փափաքին այդ մասին պատմել բոլորին:
Նպատակը յարմար գիներով ճանապարհորդութեան համար լաւագոյն ուղղութիւններ գտնե-լն է: Պաշտօնական ցանկին վրայ ընդգրկուած են 18 երկիրներ, որոնց շարքին է նաեւ Հայաստան:
«Գտնուելով Կովկասեան լեռներուն մէջ՝ Հայաստան թաքնուած մարգարիտ է, ուր դեռեւս չէ հասած զանգուածային զբօսաշրջութիւնը, եւ այնքան բան ունի առաջարկելու՝ հարուստ պատմութիւն, գինեգործարաններ, տպաւորիչ բնապատկերներ, հնագոյն վանական համալիրներ եւ զարմանահրաշ լեռներ: Մայրաքաղաք Երեւանը գեղեցիկ քաղաք է՝ լայն պողոտաներով, համեղ ճաշեր մատուցող ճաշարաններով, թանգարաններով եւ տեղական ձեռագործ աշխատանքներ վաճառող խանութներով: Երեւանէն դուրս գեղատեսիլ բնութիւն է: Կրնաք այցելել աշխարհի հնագոյն գինեգործարանը, որ կը գտնուի Արենիի մէջ, ինչպէս նաեւ աշխարհի հնագոյն մայր տաճարը՝ Էջմիածին», գրուած է «Ֆորպզ»ի յօդուածին մէջ: