ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- 1 Յունուարէն 10 Նոյեմբեր 2018, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան զինուած ուժերուն մէջ ոչ-կանոնադրական յարաբերութիւններու կամ այլ պատճառներով զոհուած են աւելի շատ զինուորներ, քան հակառակորդին կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւններու հետեւանքով:
Պաշտօնապէս հաստատուած տեղեկութիւններու համաձայն՝ 2018ին զինուած ուժերը կորսնցուցած են 39 զինուորներ, որոնցմէ 7ն (ընդհանուր զոհերուն 18 տոկոսը) զոհուած է հակառակորդի արձակած կրակոցէն, իսկ 32ը (82 տոկոսը) Հայաստանի եւ Արցախի տարածքներուն վրայ զոհուած են զանազան պատճառներով՝ դժբախտ պատահարներ, անձնասպանութիւն, ծառայակիցի կրակոց, ձիւնահիւս եւ ինքնաշարժի արկածներ: