Օփերայի յարակից տարածքին մէջ պիտի վերականգնի կանաչ գօտին, «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Երեւանի քաղաքապետի խօսնակ Յակոբ Կարապետեան:
«Քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի եւ անոր թիմի հանրային յանձնառութեան համաձայն՝ քաղաքապետարանը սկսած է Երեւանի մէջ կանաչ տարածքներու վերականգնման եւ զարգացման գործընթացը», գրած է ան:
Ըստ անոր՝ մասնաւորապէս Օփերայի շրջակայքը, անմիջապէս Ազատութեան հրապարակին յարող հատուածին մէջ, քաղաքի սեփականութիւնը հանդիսացող հողամասերը վարձակալած եւ սրճարան բացած անձեր քաղաքապետարանի համապատասխան ստորաբաժանումէն ստացած են ծանուցում, որմով կ՛առաջարկուի հրաժարիլ վարձակալութեան իրաւունքով տրամադրուած հողամասերու մէկ մասէն:
Վարձակալներու հետ կնքուած պայմանագիրներուն համաձայն՝ Երեւան համայնքը, ի դէմս քաղաքապետարանին, իրաւունք ունի որեւէ ատեն՝ 30 օր առաջ, ծանուցելու պայմանով, ներկայացնել վարձակալութեամբ տրուած տարածքը ազատելու պահանջ:
«Նշեմ, որ կանաչապատման ենթակայ տարածքին մէջ գործող բոլոր սրճարանները, բացառութեամբ մէկուն, սրճարանային տարածք ունին յարակից հատուածներուն մէջ, այսինքն, պիտի կանաչապատուի անոնց տնօրինած տարածքներուն միայն մէկ մասը: Քաղաքապետարանը, պայմանագիրի սոյն դրոյթը իրականացնելու պարագային տնտեսվարողին փոխհատուցում տրամադրելու պարտաւորութիւն չունի: Այնուհանդերձ, քաղաքի իշխանութիւնները հաւատարիմ են ձեռնարկատիրութիւնը խթանելու իրենց քաղաքականութեան, եւ նշուած տնտեսվարողները, բնականաբար, կրնան շարունակել իրենց գործը քաղաքի այլ, աւելի պատշաճ հատուածներու մէջ:
«Իմ նշած տարածքները ազատելէ եւ զանոնք կրաձոյլ ծածկոյթներէ մաքրելէ ետք քաղաքապետարանը պիտի կանաչապատէ տարածքը արդէն այս գարնան սկիզբը», կը հաղորդէ քաղաքապետին խօսնակը:
«Թերթ» լրատուական կայքի աշխատակիցը այս հարցին վերաբերեալ զրուցեց «Մագնոլիա» սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութեան տնօրէն Արսէն Մանուկեանի հետ։ Անդրադառնալով քաղաքապետարանի յայտարարութեան՝ Արսէն Մանուկեան յայտնեց, որ իրենց ընկերութիւնը մինչեւ 2026 օփերայի տարածքին մէջ վարձակալութեան պայմանագիր ունի:
«Հիմա Երեւանի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչների հետ բանակցութիւնների մէջ ենք, եթէ ընդհանուր յայտարարի չգանք, կարծում եմ՝ դատարանն է լինելու միակ կարգաւորողը», ըսաւ Մանուկեան:
Նշենք, որ «Մագնոլիա»ին կը պատկանին «Շոկոլադնիցա» եւ «Մագնոլիա» սրճարանները:
Արսէն Մանուկեան նշեց, որ քաղաքապետարանի ծանուցման համաձայն՝ կը նախատեսուի կազմաքանդել եւ կանաչապատել միայն «Շոկոլադնիցա» սրճարանի հատուածը:
«Այնքան էլ այդպէս չէ, որ ըստ օրէնքի պէտք է մէկ ամիս առաջ լքենք տարածքը: Այնպէս չէ, որ մենք պատահաբար ենք յայտնուել այդտեղ: Նախ պայմանագրի մէջ չկայ նման կէտ, որ իրենք կարող են մասնակի պահանջել, կարող են միայն ամբողջութեամբ պահանջել, սա արդէն վիճելի է:
Պայմանագիրը չունի նման կէտ, որ քաղաքապետարանը տարածքը կարող է մասնակի յետ վերցնել: Եթէ նոյնիսկ մասնակի էլ է, դրանից հարցի էութիւնը չի փոխւում, եթէ հաշուի առնենք սեզոնային ֆակտորը (եղանակային գործօնը-Խմբ.): Այն մասը, որն իրենք պահանջում են, այն է, որը մեզ մօտ 12 ամիս աշխատում է, փակ հատուածն է: Բացօթեայ հատուածում եթէ 3 ամիս աշխատեցինք, բա յետո՞յ, մնացած 9 ամիսներին ի՞նչ անենք», ըսաւ Մանուկեան: