ՆՈՐԹ ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով եւ Խառն ժողովի որոշումով, Արսէն քհնյ. Գասապեան նշանակուեցաւ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։
Արսէն քահանան Նորթ Հոլիվուտի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի առաքելութիւնը ստանձնեց Կիրակի, 13 Յունուարին։ Նշենք, որ ան առաւել քան հինգ տարի՝ Նոյեմբեր 2013էն մինչեւ Օգոստոս 2018, հոգեւոր հովիւն էր Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ։
13 Յունուարին, Նորթ Հոլիվուտի եկեղեցւոյ Ս. պատարագին հանդիսապետեց առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, որ ժողովականութեան ու ծխական համայնքին ներկայացուց նոր հոգեւոր հովիւը։