ԵՐԵՒԱՆ, Արմէնփրէս».- Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը 15 Յունուարին սկսաւ քննելու Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՅՔԾ) միջնորդութիւնը՝ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կալանքը եւս երկու ամիսով երկարաձգելու վերաբերեալ: Գլխաւոր դատախազութեան յատկապէս կարեւոր գործերով քննութեան նկատմամբ հսկողութեան վարչութեան պետ Վահագն Մուրադեան, անդրադառնալով այս հարցին՝ յայտնեց. «Դատական նիստի ընթացքում քննարկուել է ՅՔԾի Ռոբերտ Քոչարեանի ժամկէտը եւս երկու ամիսով երկարաձգելու միջնորդութիւնը: Դատարանը հարցեր է տուել քննիչին, դատախազներին, պաշտպաններն իրենց առարկութիւնները ներկայացրեցին, սակայն դեռ չեն վերջացրել: Նիստը յետաձգուել է եւ կը կայանայ Յունուարի 16ին, ժամը 11:00ին»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.