ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորները փակ-գաղտնի քուէարկութեամբ ընտրեցին փոխնախագահներ՝ «Իմ քայլը» խմբակցութենէն Ալէն Սիմոնեանը եւ Լենա Նազարեանը:
Լենա Նազարեանի թեկնածութեան թեր քուէարկեցին 124, դէմ՝ 3 պատգամաւորներ, Ալէն Սիմոնեանի թեկնածութեան թեր քուէարկեցին 109, դէմ՝ 20 պատգամաւորներ:
Իսկ Ազգային ժողովի 3րդ փոխնախագահի պաշտօնը՝ ըստ Սահմանադրութեան պէտք է տրուի ընդդիմադիր խմբակցութիւններէն որեւէ մեկուն: Ժողովը ընդդիմադիր փոխնախագահ ընտրեց Վահէ Էնֆիաջեանը՝ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութենէն:
Նշենք, որ Ազգային ժողովի 132 պատգամաւորներէն քուէարկութեան մասնակցեցան 130ը: