29 Ապրիլին, Պաքուի մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի նախկին պետական նախարար, բարերար Ռուբէն Վարդանեանի հերթական «դատական նիստը», յայտնեցին ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Վարդանեան եւ իր փաստաբան Ապրահամ Պերման բողոքարկեցին դատաւորներու կազմը, որովհետեւ նախորդ նիստերուն ներկայացուած բազմաթիւ միջնորդութիւններէն քանի մը հատը մերժուեցաւ: Անոնք նշեցին, որ պաշտպանութիւնը տակաւին կարելիութիւն չէ ունեցած ամբողջութեամբ ծանօթանալու լսումներու բոլոր արձանագրութիւններուն:
Սակայն դատարանը բողոքը ձգած էր առանց քննարկումի:
Յաջորդ «դատական նիստը» ճշդուած է 6 Մայիսին: