Կորիւն Խաչատուրեան նշանակուեցաւ «Հայաստանի Մանուկներ» բարեգործական հիմնադրամի (COAF/ՍՈԱՖ) գործադիր տնօրէն:
Ան պիտի գլխաւորէ հիմնադրամի երեւանեան գրասենեակի աշխատանքը՝ ապահովելով կազմակերպութեան առանցքային ծրագիրներու իրագործումը՝ ՍՈԱՖ ՍՄԱՐԹ նախաձեռնութիւնը եւ աւանդական ծրագիրները կրթութեան, առողջապահութեան, ընկերային եւ տնտեսական ոլորտներուն մէջ:
«Մեծ ոգեւորութեամբ կը միանամ ՍՈԱՖին, այս կարեւոր ժամանակահատուածին: Նախորդ 15 տարիներուն ընթացքին Հայաստանի գիւղական համայնքներուն մէջ կեանքի որակի բարձրացման ուղղութեամբ մեծ գործ կը տարուի: Հայաստանի երեխաները լաւագոյնին արժանի են, եւ մենք այս գործին կոչուած ենք՝ միշտ ձգտելով կատարելութեան», ըսաւ Խաչատուրեան:
Ան անմիջապէս հաշուետու է ՍՈԱՖի հիմնադիր Կարօ Արմէնին, որ դարձեալ կը միանայ «Հայաստանի Մանուկներ» բարեգործական հիմնադրամի հայաստանեան հոգաբարձուներու խորհուրդին:
«Մենք վստահ ենք, որ արհեստագիտութեան տիրապետման ու նորարարութեան շնորհիւ պիտի կառուցուի ուժեղ համայնք, պիտի արձանագրուի տնտեսական աճ եւ յառաջընթաց պիտի ապահովուի մեր շահառու համայնքներուն մէջ իրագործուող ծրագիրներուն համար», յայտնեց ՍՈԱՖի հիմնադիր Կարօ Արմէն:
«Հետամուտ ըլլալով 2018ի գլխաւոր դրամահաւաքին հանգանակուած 4 միլիոն տոլարին՝ մենք բազմաթիւ ընելիքներ ունինք ու հաշուետու ենք ատոր համար: Ուրախ եմ, որ Կորիւնը՝ իր անցած ճանապարհով ու յաջողութիւններով, կը միանայ ՍՈԱՖի մեր խումբին եւ պիտի օգնէ իրականացնելու յաջորդ սերունդին զօրավիգ կանգնելու յաւակնոտ առաքելութեան», աւելցուց ան: