ԵՐԵՒԱՆ, «Ռազմինֆօ».- Յունուար 14էն 18 Հայաստան կը գտնուէր Չինաստանի «Պէյճինկ Տիֆենս» ընկերութեան պատուիրակութիւնը՝ հայ-չինական ռազմական համագործակցութիւնը քննարկելու:
Չինական պատուիրակութիւնը հանդիպեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան եւ Զինուած ուժերու ճարտարագիտական զօրքերու վարչութեան պետերուն եւ Ռազմարդիւնաբերական կոմիտէի նախագահին հետ:
Չինական պատուիրակութիւնը ընդունեց նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Ղամբարեան: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան «Պէյճինկ Տիֆենս» ընկերութեան՝ խաղաղապահ ուժերու ճարտարագիտական ստորաբաժանումներու համապատասխան հանդերձաւորման, ինքնաշէն պայթուցիկ սարքերու յայտնաբերման եւ վնասազերծման սարքերու մատակարարման հնարաւորութիւնները:
«Պէյճինկ Տիֆենս» ընկերութիւնը մասնագիտացած է ռումբ յայտնաբերող, վնասազերծող, ականազերծող յատուկ սարքաւորումներու եւ պաշտպանական յատուկ հանդերձանքի արտադրութեան մէջ: