ՍԱՐԳԻՍ ԳԱՍԱՄԱՆԵԱՆ
(Ծնեալ՝ Սեպտ. 15, 1938ին, Մուսա Լեռ)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ Սարգիս Գասամանեանի մահը, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, Յունուար 21, 2019ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Յունուար 30, 2019ին, առաւօտեան ժամը 9։30ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Church of the Hills մատրան մէջ, ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Հելէն Գասամանեան
Զաւակը՝ տէր եւ տիկ. Աբրահամ Գասամանեան եւ զաւակները
Զաւակը՝ տէր եւ տիկ. Յակոբ Գասամանեան եւ զաւակները
Դուստրը՝ Քաթլին եւ Սարգիս Պօղոսեան եւ զաւակները
Եղբայրը՝ Ռաթիոս եւ Անի Գասամանեան եւ զաւակները
Քոյրերը՝ Զաւէն եւ Իսկուհի Տէմիրճեան եւ զաւակները
Անժէլ Պալճեան եւ զաւակները
Վահէ եւ Շողիկ Տօսթումեան եւ զաւակները
Հայկուհի եւ Վարդուկ Գասամանեաններ
Եւ համայն Գասամանեան, Տէր Ստեփանեան,
Պալճեան, Տօսթումեան, Պօղոսեան,
Մալգճեան, Քոնսթանթին եւ Թօփալեան ընտանքիները, հարազանտերն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Թահանկայի Caesar Banquet սրահին մէջ, 6723 Foothill Blvd., Tujunga:
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէին կամ ՀՄԸՄի Լաս Վեկասի «Արցախ» մասնաճիւղին։