«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ ժողովրդական մեծ ընդունելութիւն գտած «Հարսանիք Թիկունքում» թատերախաղը նոյն յաջողութիւնը ունեցաւ նաեւ Լոս Անճելըսի մէջ:
«Կլոպըլ Արթց»ի կողմէ նախաձեռնուած Գիւմրիի տրամաթիքական թատրոնի Լոս Անճելըս այցելութեան եւ «Հարսանիք Թիկունք»ում թատերախաղի ներկայացման մասին անդրադարձանք մեր անցեալ Հինգշաբթի օրուան թիւով: Բուռն եւ յոտնկայս ծափարահարութիւնը, սրահին մէջ տիրող յուզումնալից մթնոլորտը արդէն իսկ կը յուշէին, որ երկրորդ եւ թերեւս աւելի ներկայացումներու պահանջք պիտի ըլլայ:
Այդպէս ալ եղաւ: Փետրուար 3ը նշանակուեցաւ երկրորդ ներկայացման օր եւ, ինչպէս կը սպասուէր, տոմսերը արագ սպառեցան: Նոյն ոգեւորութենէն ներշնչուած՝ «Ասպարէզ» օրաթերթի տնօրէնութիւնը՝ ՀՅԴ «Ահարոնեան» եւ «Լեռնավայր» կոմիտէութիւններուն հետ դիմեց «Կլոպըլ Արթց»ի ներկայացուցիչ, «Լեւոն Թրրվըլ» ճամբորդական գրասենեակի սեփականատէր Կարպիս Թիթիզեանին՝ երրորդ ներկայացման մը համաձայնութիւն գոյացնելու համար:
«Հարսանիքը Թիկունքում» թատերախաղի յաջորդ եւ Լոս Անճելըսի մէջ վերջին ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 10ին, նոյն թատերասրահին մէջ, նոյն ժամուն: Այս մասին տեսնել մեր այսօրուան թերթի վերջին էջի ծանուցումը: Չորեքշաբթի օր, ներկայացումը դիտելու առիթը պիտի ունենան շրջանիս հայկական վարժարաններու բարձրագոյն կարգի աշակերտները:
«Հարսանիք Թիկունքում»ը դիտողները, այո, չեն կրնար զսպել իրենց արցունքը, բայց ներկայացումը կորուստի ողբ չէ, ընդհակառակը՝ հայրենասիրութեան, յաղթանակի, հպարտութեան ոգի ներշնչող թատերախաղ է: Թէ՛ դերասաններուն հոյակապ խաղարկութեամբ, թէ ներկայացման փոխանցած պատգամով՝ Արցախեան ազատամարտը կերտող սերունդին հանդէպ հաւատարմութիւնը, անոնց սխրանքներուն տէր դառնալու ամբողջ ժողովուրդի մը ուխտն է, որ կը փառաւորուի:
Մի փախցնէք ներկայացումը դիտելու այս վերջին առիթը: