ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Չորեքշաբթի, 6 Փետրուարին, Արամ Ա. կաթողիկոս շնորհակալական եւ գնահատանքի նամակ մը յղեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին, ջերմօրէն ողջունելով Ապրիլ 24ը Ֆրանսայի մէջ «Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր» հռչակելու իր որոշումը:
Կաթողիկոսը իր նամակին մէջ, ընդգծելով նախագահ Մաքրոնի սոյն որոշումին յատուկ կարեւորութիւնը՝ կ՛ըսէ. «Մենք խորապէս կը հաւատանք, թէ այս որոշումը պերճախօս արտայայտութիւնն է ձեր ունեցած ամուր կապուածութեան արդարարութեան, մարդկային իրաւանց, պատմական անհերքելի իրողութեան եւ 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան»:
Վեհափառ հայրապետը իր նամակը կ՛եզրակացնէ՝ յայտնելով, թէ նախագահին այս որոշումը շօշափելի արտայայտութիւնն է այն բարեկամական կապերուն, որոնք կը միացնեն ֆրնասացի եւ հայ ժողովուրդները: