ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, անդրադառնալով 24 Ապրիլը Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր հռչակելու մասին Էմանուէլ Մաքրոնի յայտարարութեան, «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ ողջունած է Ֆրանսայի նախագահին քայլը:
«Դա համերաշխութեան եւ մարդու իրաւունքները պաշտպանելու ու զանգուածային վայրագութիւնները կանխելու վճռականութեան հզօր դրսեւորում է», գրած է Փաշինեան: