Մամուլէն տեղեկանալով, թէ Յունուար 28-29ի գիշերուան ընթացքին, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Ֆերահեան երկրորդական եւ Քանոկա Փարքի ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարաններուն դէմ յարձակում գործուած է՝ յունահայութիւնը զօրակցական իր դիրքը յայտնեց զոյգ դպրոցներու տնօրէնութեանց եւ աշակերտութեան:
Ստորեւ՝ Յունաստանի հայութեան զօրակցական նամակին պատճէնը.
«8 Փետրուար 2019
Ուղղուած՝
– Ֆերահեան երկրորդական վարժարանի տնօրէնուհի Սօսի Շանլեանի
– ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Աւանէսեանի
Խոր ցասումով տեղեկացանք Սան Ֆերնանտօ Հովիտի ձեր զոյգ վարժարաններուն դէմ՝ դիմակաւոր անձերու կողմէ գործուած անարգ յարձակումին մասին, որ ուղղուած էր մեր ազգին ու անոր մատղաշ սերունդին դէմ:
Թրքական դրօշակներ կախելը մեր ազգային վարժարաններու պատերուն վրայ ատելութեան ենթահողի վրայ կատարուած յարձակում է, որ Ցեղասպանութենէն վերապրած մեր ազգի զաւակներուն թիրախ դարձուց ատելութիւն սերմանող ստորին այս արարքին:
Ցեղասպանութիւնը ժխտող ու հակահայ կեցուածքներ արտայայտող մշտական քարոզչութեան մը արդիւնք եղող նման դէպքեր պէտք է դատապարտուին քաղաքակիրթ ընկերութեան ու քաղաքական աշխարհին կողմէ, որպէսզի միանգամընդմիշտ առաջքը առնուի հայութեան դէմ սանձազերծուող յարձակումներուն:
Յունահայութիւնը, իր ամբողջութեամբ, կը զօրակցի Լոս Անճելըսի հայութեան եւ իր հաստատ համոզումը կը յայտնէ, թէ պատկան մարմինները կը բացայայտեն հարցին բոլոր տուեալները:
ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէ
Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութիւն
Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչի
Շրջանային Վարչութիւն
Յունաստանի Համազգային Հայ Մշակութային եւ Կրթական Միութեան Շրջանային Վարչութիւն
Յունաստանի ՀՄԸՄի Շրջանային Վարչութիւն
ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբ
ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան
Կեդրոնական Վարչութիւն
ՀՅԴ Յունաստանի Պատանեկան Միութեան
Ընդհանուր Վարիչ Մարմին»