ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ արձակեց 6 վճիռներ՝ ըստ որոնց, Թեղուտի մէջ շուրջ 10 տարի առաջ հանքարդիւնաբերութեան նպատակով գիւղացիներուն ապօրինի կերպով սեփականազրկած են: 6 ընտանիքներ ընդհանուր առմամբ պետութենէն սեփականութեան իրաւունքի խախտման համար իբրեւ փոխհատուցում պիտի ստանան 70 հազար եուրօ:
Թեղուտցիներու փաստաբան Կարէն Թումանեան յայտնեց, որ Եւրոպական դատարանի վճիռներէն ետք Հայաստանի մէջ 10 տարի առաջ քննուած գործերը պիտի վերաբացուին եւ դարձեալ քննութեան առարկայ պիտի դառնան: Անոնց միջոցով գիւղացիները կարելիութիւն պիտի ունենան իրենց կորսնցուցած հողատարածքներուն դիմաց շօշափելի փոխհատուցումներ ստանալու: