ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը 14 Փետրուարի նիստին ընթացքին հաստատեց կառավարութեան ծրագիրը: Կառավարութեան ծրագիրին կողմ քուէարկեցին 82, դէմ՝ 37 պատգամաւորներ:
Նախապէս «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավարը յայտնած էր, որ դէմ պիտի քուէարկեն նախագիծին: «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Նայիրա Զոհրապեան նշած էր, թէ կողմ պիտի քուէարկեն, եթէ միայն իրենց ներկայացուցած առաջարկները ընդունուին:
12 Փետրուարին տեղի ունեցած նիստին ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուց կառավարութեան 8 Փետրուարին հաստատուած ծրագիրը:
13 Փետրուարին տեղի ունեցած նիստին աւարտեցան վարչապետին ուղղուած պատգամաւորներու հարցումները, եւ մեկնարկեց ելոյթներու շրջանը, որմէ ետք քուէարկութեան դրուեցաւ կառավարութեան ծրագիրը: