ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանարպետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) 14 Փետրուարին գումարեց Գործադիր մարմինի նիստ, զոր վարեց ՀՀԿ նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան ներքաղաքական եւ արտաքին քաղաքական հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ կուսակցական բարեփոխումներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ քննարկուեցաւ ՀՀԿ միջազգային կապերու խորացման ծրագիրը: