ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Թերթ».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Հինգշաբթի, 14 Փետրուարին պաշտպանութեան նախարար Կարէն Աբրահամեանի եւ այլ պաշտօնեաներու ուղեկցութեամբ այցելեց հանրապետութեան հարաւային սահմանագծի զանազան հատուածներ եւ ծանօթացաւ զինուորներու ծառայութեան ընթացքին ու այնտեղ տիրող իրավիճակին:
Զօրամասերէն մէկուն մէջ երկրի ղեկավարը ներկայ գտնուեցաւ նոր զօրանոցի բացման արարողութեան եւ հանդիպում ունեցաւ զինուորներու ընտանիքներու հետ:
Նախագահը նշեց, որ զինուորներու ընկերային-կենցաղային պայմաններու բարելաւումը կը մնայ պետութեան ուշադրութեան տակ: