«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Այս Կիրակի, 17 Փետրուարին, կէսօրէն ետք ժամը 4էն սկսեալ վեցժամեայ յատուկ հեռատեսիլային յայտագիրով հանգանակութիւն պիտի կատարուի՝ ի նպաստ Կլենտէյլի մէջ կառուցուող Հայ-ամերիկեան թանգարանին:
Լոս Անճելըսի հայ համայնքը գեղեցիկ աւանդոյթը ունի հեռատեսիլային հանգանակութիւնները յաջողութեամբ պսակելու: Յաջողութեամբ կը պսակուին մանաւանդ այն հանգանակութիւնները, որոնք կը կատարուին՝ ի նպաստ համայնքին, լայն հասարակութեան նեցուկը վայելելով:
Հայ-ամերիկեան թանգարանի ծրագիրը այն ձեռնարկներէն է, որոնց շուրջ համախմբուած են համայնքին մէջ գործող մեծագոյն կազմակերպութիւններն ու հաստատութիւնները:
Հանգանակային յայտագիրը պիտի սփռուի «Հորիզոն», ARTN, KVMD եւ USArmenia կայաններէն, ինչպէս նաեւ Դիմատետրէն, YouTube Live-էն:
Ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք կատարել՝ հեռաձայնելով (800) 655-9554 թիւին կամ չէք ուղարկելով թանգարանի գրասենեակը՝ 111 East Broadway, suite 207, Glendale, 91205 հասցէին կամ ալ առցանց վճարումով՝ GiveAAM.org-ի ճամբով:
Մենք կ՛ողջունենք Հայ-ամերիկեան թանգարանի ծրագիրը եւ կոչ կ՛ուղղենք մեր համայնքի զաւակներուն՝ իրենց կարելիութեան չափով մասնակցելու Կիրակի օրուան հանգանակութեան:
Թէ՛ իբրեւ մշակութային կեդրոն, թէ՛ իբրեւ մեր պատմութիւնը հայ եւ օտար շրջանակներու ներկայացնող կառոյց, այս թանգարանին նուիրուած ձեռնարկը արժանի է բոլորիս աջակցութեան: Թանգարանի վարչութիւնը յաջողած է մեր համայնքի քաղաքական ազդեցութիւնը ի գործ դնել ու ապահովել ծրագիրին՝ տեղական թէ նահանգային իշխանութեանց նիւթական օժանդակութիւնը: Հիմա հերթը մերն է՝ իւրաքանչիւրս մեր լումայով, մեր մեծ ու փոքր նուիրատուութեամբ պիտի բանանք թանգարանի դռները: