– Անցեալ 11 Օգոստոսին, Ամսթերտամի Թուրքիոյ հիւպատոսարանին վրայ «Քոքթել Մոլոթով»ներ նետած ազգութեամբ քիւրտ Էրճան Փօլատեր 15 Փետրուարին հոլանտական ատեանի մը կողմէ դատապարտուեցաւ 16 ամսուան բանտարկութեան:
– Մինչ Միացեալ Նահանգներու մէջ տենդախառն հարբուխի (flu) հետեւանքով մահացողներուն թիւը միջին հաշուով 36,714 եղած էր 2010էն 2017 երկարող տարիներն, այդ թիւը 79,400ի բարձրացած է անցեալ տարի։
– Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան բանտարկուած նախկին կուսակցապետ Սալահետտին Տեմիրթաշ Նոպէլեան Խաղաղութեան մրցանակի թեկնածու առաջադրուեցաւ Շուէտի խորհրդարանի երեսփոխան Թոմաս Համեպըրկի կողմէ։