ՍԵԶԱ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
ՍԵԶԱ ԲՐՈՒՏԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, հանգուցեալի ամուսինը, զաւակները, թոռները, եղբայրներն ու քոյրը՝ Բրուտեան եւ Սարմազեան ընտանիքները իրենց խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնեն առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, Վեր. Յովհաննէս Սվաճեանին, Թորոնթոյի Հայ Աւետ. Եկեղեցւոյ վարչութեան եւ Տիկնանց յանձնախումբին, Վեր. Սերոբ Մկրտիչեանին, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան, Զարեհ Ա. քհնյ. Զարգարեանին (Թորոնթօ), Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանին, Ռազմիկ Ա. Քհնյ. Խաչատուրեանին, ՀՅԴ Բիւրոյի եւ գրասենեակի անձնակազմի անդամներուն, ՀՅԴ Գանատայի Կեդր. Կոմիտէին, ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէին (Թորոնթօ), Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին, Շ. եւ Է. Մերտինեան վարժարանին, «Ասպարէզ» օրաթերթին եւ բոլոր անոնց որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով եւ կամ ելեկտրական միջոցներով ցաւակից եղան իրենց սուգին: