
ՖՐԵԶՆՕ.- Երկուշաբթի, 11 Մարտին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի «Փիթըրզ» սրահին մէջ (թիւ 191), դոկտ. Վահէ Թաշճեան պիտի ներկայացնէ Օսմանեան կայսրութեան հայութեան պատմութիւնը վերակենդանացնելու նպատակով հիմնուած «Յուշամատեան» ծրագիրին գործունէութիւնը։

Դասախօսական այս ձեռնարկը մաս կը կազմէ համալսարանի Հայագիտական ծրագիրի 2019ի գարնանային դասախօսութեանց շարքին:
«Յուշամատեան»ը հաստատուած էր 2010ին, Պերլինի մէջ, եւ անոր համացանցային կայքին վրայ (www.houshamadyan.org) կան Օսմանեան կայսրութեան հայութեան մասին՝ հայերէնով, անգլերէնով եւ թրգերէնով հարուստ տեղեկութիւններ, լուսանկարներ եւ քարտէսներ։
Դոկտ. Վահէ Թաշճեան ներկայիս «Յուշամատեան» ծրագիրին վարիչն է եւ խմբագրած ու համախմբագրած է հայոց պատմութեան նուիրուած քանի մը հատորներ:
Ներկայացման մուտքը ազատ է, իսկ ինքնաշարժները կարելի է ձրիաբար շարել թիւ P5 կամ P6 կանգառներուն մէջ, յատուկ գաղտնաթիւ մը ստանալով հայագիտական ծրագիրի գրասենեակէն: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել (559) 278-2669 թիւին կամ այցելել www.houshamadyan.org կայքէջը: