ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Վերջերս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը նոր ու անտեղի վէճ մը ստեղծեց՝ այս անգամ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ:
Ամէն բան սկսաւ, երբ Հայաստանի կառավարութիւնը որոշեց Սուրիա ուղարկել 83 հոգիէ բաղկացած բժիշկներու, ականազերծողներու եւ այլ մասնագէտներու մարդասիրական խումբ մը՝ Հալէպի կարեւոր, սակայն հետզհետէ նօսրացող հայկական համայնքին աջակցութիւն ցուցաբերելու համար: Նախապէս Հայաստան մարդասիրական օգնութեամբ լեցուն չորս օդանաւ առաքած էր սուրիացի ժողովուրդին:
Փետրուար 8ին ռուսական բեռնատար օդանաւը հայկական խումբը տեղափոխեց Հալէպ: Ակնյայտօրէն, Ռուսիոյ կողմէ այս փոքրիկ դերը բաւական էր, որ Ուաշինկթընի մէջ հրահրէր պաղ պատերազմի կողմնակիցներուն զայրոյթը: Փետրուար 13ին, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը տարածեց արտաքին գործոց նախարարու-թեան յայտարարութիւնը՝ քննադատելով հայկական մարդասիրական խումբին Սուրիա գործուղումը:
«Մենք չենք պաշտպաներ Սուրիոյ զինուած ուժերուն հետ որեւէ առնչութիւն, անկախ անկէ, թէ այդ մէկը քաղաքացիներո՞ւն օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով է, թէ ունի ռազմական ուղղուածութիւն: Մենք չենք պաշտպաներ նաեւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ որեւէ համագործակցութիւն այս առաքելութեան նպատակով», յայտարարեց արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Այս յայտարարութիւնը հակադրութիւն ստեղծեց ոչ միայն Հայաստանի կառավարութեան, այլեւ Հայաստանի բնակչութեան հետ, զոր, վերջին տարիներուն, Միացեալ Նահանգները կը փորձէր իր կողմը գրաւել: Աւելի կարեւորը այն է, որ այս սադրիչ յայտարարութիւնը զայրացուց ամերիկահայ մեծաթիւ համայնքը:
Հայկական խումբի շահագրգռութիւնը Սուրիոյ մէջ, հիմնուած էր քանի մը գործօններու վրայ.
- Սուրիոյ արաբները կարեւոր դեր խաղցած են՝ փրկութեան ապաստան տրամադրելով Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրածներուն, որոնց շարքին՝ տողերուս հեղինակին նախնիները: Շատ տեղին է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը եւ համայն հայութիւնը փոխադարձեն Սուրիոյ բարեացակամութիւնը՝ օգնութեան հասնելով տեղ նոյն կարիքաւոր հայերուն եւ, ընդհանրապէս, սուրիացիներուն:
- Հայաստանի կառավարութիւնը մարդասիրական այս խումբը ղրկած է Հայաստանի եւ Սուրիոյ կողմէ 2001ին ստորագրուած միջպետական համաձայնագիրին հիմամբ: Հետեւաբար, այս գործողութիւնը ոչ միայն մարդասիրական բնոյթ կը կրէ, այլեւ կը համապատասխանէ միջազգային իրաւունքի պահանջներուն:
- Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգները իր ռազմաօդային ուժերը եւ զինուորները Սուրիա առաքած է առանց Սուրիոյ կառավարութեան համաձայնութեան, ատով իսկ խախտելով համապատասխան բոլոր միջազգային օրէնքները: Այս անօրինական գործողութիւնը կատարած է ոչ թէ Հայաստանը, այլ Միացեալ Նահանգները:
- Թրամփի վարչակազմը եւ յատկապէս ազգային անվտանգութեան հարցերու ռազմատենչ խորհրդական Ճան Պոլթըն կը ձգտին Հայաստանը հեռացնել Ռուսիայէն եւ, փոխարէնը, զայն աւելի մօտեցնել ամերիկեան ազդեցութեան ոլորտին: Ցաւօք, Սուրիոյ մէջ իր հայրենակիցներուն ուղարկուած Հայաստանի կառավարութեան մարդասիրական օգնութեան քննադատութիւնը սէր չի ներշնչեր հայերուն՝ Միացեալ Նահանգներու նկատմամբ: Ընդհակառակն, այդ քննադատութիւնը տեսակ մը կը թշնամացնէ համայն հայութիւնը: Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը պարզապէս կ՛արտացոլէ Թրամփի պաշտօնեաներուն թերի գիտելիքները Միջին Արեւելքի իրողութիւններուն վերաբերեալ: Անիմաստ փորձ պիտի ըլլայ ստիպել Հայաստանին՝ դադրեցնել մարդասիրական խումբ առաքելը Սուրիա, շատ լաւ գիտնալով, որ նման ճնշում մը պիտի մերժուի՝ ստիպելով ամերիկեան կառավարութեան, որ թոյլ ու անկարող երեւի: Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաները պէտք է իմաստութիւնը ունենան հասկնալու, թէ ե՛րբ պէտք է իրենց ազդեցութիւնը գործադրեն, երբ՝ ո՛չ: Տուեալ պարագային, Հայաստանի վրայ ճնշման գործադրումը հակառակ ազդեցութիւն ունեցաւ. անիկա ծառայեց միայն Ռուսիոյ ազդեցութեան ուժեղացման: Բարեբախտաբար, այսպիսի փոքր հարց մը չի կրնար վնաս հասցնել Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններուն: Հայերը կը հասկնան, որ Միացեալ Նահանգներու դժգոհութիւնը աւելի շատ ուղղուած է Ռուսիոյ եւ Իրանի, քան Հայաստանի: Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը լաւ տեղեակ է, որ հայկական զօրքերը մասնակցած են միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն, ինչպիսիք են Աֆղանիստան, Իրաք, Քոսովօ եւ Լիբանան:
- Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կորսնցուցած է իր բարոյական հեղինակութիւնը՝ դասախօսելու հայ ժողովուրդին որեւէ թեմայի մասին, նկատի ունենալով այն փաստը, որ վերջին քանի մը տասնամեակներուն ընթացքին իրարու յաջորդող Միացեալ Նահանգներու նախագահները հրաժարած են «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը արտասանելէ՝ Թուրքիոյ բռնապետական վարչակարգի ճնշումներուն տակ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Աննա Նաղդալեան արձագանգեց արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան՝ նշելով, որ «սուրիական հակամարտութեան ամբողջ ընթացքին աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը միշտ ալ մտահոգութեամբ հետեւած է քաղաքացիական բնակչութեան, փոքրամասնութիւններու, անոնց շարքին՝ սուրիահայ հոծ համայնքի ճակատագիրին: Հայկական հանրային կարծիքը խոր մտահոգութիւն եւ կարեկցանք դրսեւորած է քաղաքացիական բնակչութեան տառապանքներուն եւ երկրի աւերումին նկատմամբ: Խօսքը կը վերաբերի երկրի մը, որ անփոխարինելի ներդրում ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած հայ ժողովուրդի գոյատեւման հարցին մէջ»:
Նաղդալեան նաեւ յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն հաստատելը կը նպատակադրէ աջակցիլ Հալէպի հայ համայնքին: «Այս վերաբերումը բացառապէս մարդասիրական բնոյթ ունի, կ՛առաջնորդուի միջազգային մարդասիրական օրէնքով եւ իր գործունէութիւնը պիտի համակարգէ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերող տեղական կառոյցներու եւ միջազգային գործընկերներու հետ»:
Քայլ մը առաջ անցնելով՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան Փետրուար 12ին յայտարարեց, որ մարդասիրական օգնութիւնը չի բացառեր՝ մարտական զօրքերու ապագայ տեղակայման հնարաւորութիւնը Սուրիոյ մէջ: Սակայն, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան արագօրէն մերժեց այդ հնարաւորութիւնը՝ նշելով, որ «մենք նման ծրագիրներ չունինք»:
Ամերիկացիները, ռուսերը եւ բոլոր միւսները պէտք է հասկնան, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի շարունակէ հետապնդել իր ազգային շահերը՝ անկախ այլ ազգերու ցանկութիւններէն: Ոչ մէկ ճնշում պիտի կարենայ հայ ժողովուրդը ետ պահել իր սեփական նպատակներէն:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ