Գերմանացի գեղանկարիչ Մարկոս Էնտլեր, որ անցած տարի, 5-12 Հոկտեմբեր այցելած էր Ատրպատականի Հայոց թեմ եւ Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի հովանաւորութեամբ եւ Թաւրիզի Հայ համալսարանականներու միութեան կազմակերպութեամբ Հոկտեմբեր 10ին Թաւրիզի մէջ ցուցադրած էր իր ուղեւորութեան ընթացքին գծագրած նկարները, օրերս նոյն աշխատանքները երկու յաջորդական ցուցահանդէսներով ներկայացուց Գերմանիոյ մէջ՝ «Պատուհան արեւելեան մշակութային տեսարանի վրայ» ընդհանուր խորագիրով:
Գերմանիոյ հիւսիսը գտնուող Պարթ քաղաքի Սուրբգրային կեդրոնին մէջ (Bibel-zentrum) ցուցադրուելէ ետք (29 Յունուարէն 29 Փետրուար), նկարները պիտի փոխադրուին Շթրալզունտ քաղաքը, ուր Ժողովրդական լսարանին մէջ պիտի ցուցադրուին 12 Մարտ 12էն մինչեւ 30 Ապրիլ: