ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Մայրաքաղաք Անգարայի Երկրաբանութեան ու արուեստի թանգարանին մէջ, Հինգշաբթի, 21 Փետրուարին բացուեցաւ «Քարերու Բանաստեղծութիւն. Անի» խորագիրին տակ ցուցահանդէս մը, որ նախաձեռնութիւնն է «Անատոլու Քիւլթիւր» հիմնարկին։
Ցուցահանդէսին կը ներկայացուին լուսանկարներ անուանի լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի արխիւէն եւ ուսումնասիրութեան կեդրոնէն, Աթաթիւրքի անուան գրադարանէն եւ Ռուսիոյ Ազգային ակադեմիոյ նիւթական մշակոյթի պատմութեան կեդրոնէն։
Կը նշուի, որ կազմակերպիչները ցուցանմոյշներով պիտի փորձեն այցելուները հաղորդակից դարձնել Մետաքսի ճամբու հռչակաւոր քաղաքներէն Անիի շքեղութեան ու պատմութեան։
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 26 Մայիս։
Նշենք, որ նոյն խորագիրով ցուցահանդէսներ 2018ին բացուած էին Պոլսոյ, ապա Երեւանի մէջ։