Եւրոպական Միութեան եւ «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի համատեղ ջանքերով, Տաւուշի մարզի բնակիչներուն համար ստեղծուած է 31 կայուն աշխատատեղ: Այս մասին, ըստ «Արմէնփրէս»ի, յայտնած են IDeA հիմնադրամի հանրային կապերու բաժինէն:
Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան կողմէ համաֆինանսաւորուող «Դիլիջանի եւ յարակից համայնքներու զարգացման նախաձեռնութիւն» ծրագիրի ծիրին մէջ, IDeA հիմնադրամը Յուլիս 2018ին յայտարարած էր փոքր դրամաշնորհներու մրցոյթ՝ զբօսաշրջութեան, հիւրընկալութեան, արուեստի ու արհեստի ոլորտներուն մէջ աշխատող անհատներու եւ ձեռնարկութիւններու համար:
Նշենք, որ «Դիլիջանի եւ յարակից համայնքներու զարգացման նախաձեռնութիւն» ծրագիրը մէկն է այն 8 դրամաշնորհային ծրագիրներէն, որոնք կ՛իրականացուին Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ֆինանսաւորուող «Տարածաշրջանային զարգացման պիլոտային ծրագիր»ին ծիրին մէջ: IDeA հիմնադրամը կ՛իրականացնէ երկամեայ դրամաշնորհային ծրագիրը Եւրոպական Միութեան եւ ազգային համաֆինանսաւորումով:
Նախաձեռնութեան նպատակն է, իբրեւ զբօսաշրջութեան ուղղութիւն՝ զարգացնել Դիլիջանը եւ յարակից՝ Թեղուտ, Հաղարծին, Գօշ, Հովք, Աղաւնավանք, Խաչարձան համայնքները, եւ աւելցնել տարածաշրջան այցելողներուն թիւը՝ ստեղծելով զբօսաշրջիկներու համար գրաւիչ միջավայր եւ խթանելով տեղական տնտեսութիւններու զարգացումը:
Ծրագիրին շահառու դարձած են Տաւուշի մարզի առնուազն 330 բնակիչներ եւ 120 ձեռնարկութիւններ: Անոնց աջակցութիւն տրամադրուած է կարողութիւններու զարգացման դասընթացքներու միջոցով՝ նպատակ ունենալով Դիլիջանի եւ յարակից համայնքներուն մէջ զարգացնել զբօսաշրջութիւնը եւ հիւրընկալութիւնը, ինչպէս նաեւ նպաստել Տաւուշի մարզին մէջ գործազրկութեան նուազեցումը:
Ծրագիրի ընդհանուր պիւտճէն շուրջ 1 միլիոն 195 հազար եուրօ է, որմէ 780 հազարը Եւրոպական Միութեան կողմէ տրամադրուող դրամաշնորհն է: