ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի մէջ սահմանուած կարգով վճարուած եւ քրէական հետապնդումէ ազատած են 27 տարին անբողջացուցած պարտադիր զինուորական ծառայութենէն խուսափած 9985 քաղաքացիներ, «Արմէնփրէս»ի գրաւոր հարցումին պատասխանելով՝ տեղեկացուցած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն:
«Սահմանուած կարգի խախտումով պարտադիր զինուորական ծառայութիւն չանցած քաղաքացիներու մասին» Հայաստանի օրէնքը ուժի մէջ մտնելէն ի վեր (17 Դեկտեմբեր 2003) սահմանուած կարգի խախտումով պարտադիր զինուորական ծառայութիւն չկատարած քաղաքացիներուն դիմումները քննարկուող միջգերատեսչական յանձնաժողովը 9985 քաղաքացիներու վերաբերեալ տուած է դրական որոշում:
Օրէնքին համաձայն՝ նշուած ժամանակահատուածին Հայաստանի պաշտպանութեան յատուկ հաշուեհամարին փոխանցուած է 11 միլիառ 81 միլիոն 46 հազար դրամ:
Այդ գումարները կ՛օգտագործուին ռազմական կարիքները բաւարարելու նպատակով՝ Հայաստանի կառավարութեան սահմանած կարգով: