ԵՐԵՒԱՆ.- Ազգային ժողովը Երեքշաբթի, 5 Մարտին, առաջին ընթերցումով՝ միաձայնութեամբ ընդունեց «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան հեղինակած «Սահմանուած կարգի խախտմամբ զինուորական ծառայութիւն չանցած քաղաքացիների մասին» օրէնքի գործողութեան ժամկէտը երկարաձգելու նախագիծը: Նախագիծը ընդունուեցաւ 96 կողմ ձայնով: Նախագիծին հիմնական զեկուցողն էր «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Գէորգ Գորգիսեան:
«Նախագիծը միտուած է հնարաւորութիւն տալ այն քաղաքացիներին, ում 27 տարին լրացել է, այսինքն զինապարտ չեն, վերադառնալ հայրենիք, ազատուելով քրէական հետապնդումից՝ վճարելով օրէնքով նախատեսուած գումարները, իւրաքանչիւր բաց թողած զօրակոչի համար նուազագոյն աշխատավարձի 200ապատիկի չափով: Օրէնքի գործողութեան ժամկէտը սահմանուած էր մինչեւ 2017 Դեկտեմբերի մէկը, առաջարկում ենք փոփոխութիւն կատարել եւ երկարաձգել մինչ այս տարուայ Մարտի մէկը», ըսաւ պատգամաւորը:
Այս պահու դրութեամբ՝ կան առաւել քան տասը հազար հետախուզման մէջ գտնուող արական սեռի հայեր, որոնք մեղադրուած են պարտադիր զինուորական ծառայութենէն խուսափելու յանցանքով:
Նշենք, որ 2016-17 ժամանակահատուածին, 625 անձեր 795 միլիոն դրամ վճարած են խուսափած զօրակոչներու դիմաց: