ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ խորհրդարանի Տիգրանակերտէն ընտրուած հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանի խորհրդատու Սեւան Տէյիրմենճեան կը տեղեկացնէ, թէ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն Կարօ Փայլան Եղիշէ Չարենցի՝ Կարսի մէջ գտնուող տան քանդուելուն վերաբերեալ երկրի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյին ուղարկեց հարցումներու ցանկ մը, որուն մէջ գրուած է.
«- Մտածուա՞ծ է արդեօք այն յուսախաբութեան ու վիրաւորանքին մասին, որ Չարենցի տան քանդումը կրնայ ստեղծել բանաստեղծի յիշատակը յարգող մարդոց մօտ.
– Չարենցի տունը քանդելու որոշումը ո՞ր հաստատութեան կողմէ տրուած է: Ձեր նախարարութիւնը տեղեա՞կ էր արդեօք.
– Որո՞նք են այն շօշափելի քայլերը, զորս նախարարութիւնդ կ՛առնէ ու պիտի առնէ, ըստ արժանուոյն քննելու եւ որպէս մշակութային ժառանգութիւն պահպանելու համար յիշողութեան այն վայրերը, որոնք կը վերաբերին հայ արուեստագէտներուն ու մտաւորականներուն.
– Չարենցի տունը կրնայ հայկական մշակոյթի ու Կարսի համար դառնալ յիշողութեան կարեւոր վայր մը: Տան վերանորոգման եւ իբրեւ թանգարան օգտագործման ուղղութեամբ նախագիծ մը պատրաստուա՞ծ է նախարարութեանդ կողմէ.
– Կ՛ենթադրեմ, որ յիշողութեան այս վայրը քանդուած է Չարենցին հայ ըլլալուն պատճառով: Համամի՞տ էք»: