ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Միջազգային վարկանշային «Ֆիչ Ռէյթինկզ» (Fitch Ratings) գործակալութիւնը անդրադարձած է Հայաստանի նոր կառավարութեան ելեւմտական-տնտեսական բարեփոխումներուն եւ երկրի վարկանիշին:
Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ Արժոյթի միջազգային հիմնադրամը հաստատած է, որ նոր կառավարութեան տնտեսական քաղաքականութեան գերակայութիւնները կը համապատասխանեն հիմնադրամի ակնկալիքներուն:
Արժոյթի միջազգային հիմնադրամը (ԱՄՀ) մտադիր է մինչեւ 250 միլիոն տոլարի վարկային միջոցներ յատկացնել Հայաստանի կառավարութեան՝ տնտեսական բարեփոխումներու իրագործման համար:
«Քաղաքականութիւնը կեդրոնացած է կայուն աճի եւ արտաքին խոցելիութեան մեղմացման վրայ», նշուած է զեկոյցին մէջ:
Գործակալութիւնը նշած է նաեւ, որ այդ զեկոյցը բարձրացուցած է Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան նկատմամբ միջազգային ելեւմտական հիմնարկութիւններու եւ այլ գործընկերներու վստահութիւնը: