ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան ելեւմտական նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ Յունուար-Փետրուար ամիսներուն աճած են Արցախի պետական պիւտճէի մուտքերը: Նախորդ տարուան ցուցանիշը գերազանցած են 7.2 տոկոսով կամ 460 միլիոն 700 հազար դրամով:
Պետական պիւտճէ մուտքագրուած հարկային եկամուտներու եւ տուրքերու գումարէն 5 միլիառ 532 միլիոն դրամը կամ 80.9 տոկոսը ապահովուած է մեծ ընկերութիւններու հաշուոյն՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 5 միլիառ 136 միլիոն 300 հազար դրամին կամ 80.6 տոկոսին դիմաց: