ՔԱՐՍԸՆ ՍԻԹԻ.- Շարունակելով Հայ Դատի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդութեան ջատագովման ջանքերը Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ Նեւատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները 21 եւ 22 Մարտին, հանդիպումներու շարքի մը նախաձեռնած են նահանգին մայրաքաղաքին՝ Քարսըն Սիթիի մէջ։
Այս անգամ, ջատագովման կիզակէտին վրայ պիտի ըլլայ Արցախի Հանրապետութեան ապահովութեան երաշխաւորումը, կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան՝ աւելցնելով, որ ամերիկահայ համայնքը այլեւս «կը բաւէ» կ՛ըսէ հայութեան դէմ շարունակուող Ալիեւի վարչակազմին ոճիրներուն եւ զանոնք արդարացնել փորձող լոպիական գործիչերուն։
Անոնք, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ այս նախաձեռնութեան կրնան արձանագրուիլ՝ այցելելով www.ancawr.org/nvadvocacy կայքէջը:
Նեւատայի Հայ Դատի յանձնախումբի համատենապետներ Հերա Արմէնեան եւ Լենա Յովհաննէսեան կը յիշեցնեն, թէ 2015ին տեղի ունեցած նման նախաձեռնութիւն մը մեծապէս նպաստած էր համայքին աշխուժացման, կոչ ընելով նահագնի հայութեան, որուն մեծամասնութիւնը Լաս Վեկասի եւ անոր շրջակայքը կը բնակի՝ իր մասնակցութիւնը բերելու անոր։