ԷՆՍԻՆՕ.- Արդէն իսկ գրեթէ 21 տարի անցած է Կարօ Մատենլեանի ողբերգական մահէն, որ պատահեցաւ 19 Ապրիլ 1998ին։ Այս առիթով, Կարոյին ընտանիքը եւ բարեկամները ի մի գալով՝ որոշած են անոր յիշատակին հաստատել հիմնադրամ մը, որ նեցուկ պիտի կանգնի անոր յաճախած դպրոցին՝ Ֆերահեան Ազգային վարժարանին։
Այս նպատակով, www. gofundme.com/garo-madenlian-memorial կայքէջիչն միջոցաւ արդէն իսկ սկսած է համացանցային դրամահաւաքի արշաւ մը, որուն աւարտին, պասքեթպոլի նոր մարզադաշտ մը պիտի կառուցուի վարժարանին Էնսինոյի բաժանմուքին մէջ եւ Կարօ Մատենլեանի յիշատակին յուշատախտակ մը պիտի զետեղուի անոր մուտքին։
Այս մասին պաշտօնական յայտարարութիւն մը պիտի կատարուի Ֆերահեան վարարանի յիսնամեակին նուիրուած եւ Ապրիլ 6ին տեղի ունենալիք ձեռնարկին ընթացքին։
Ֆերահեան վարժարանէն 1995ին շրջանաւարտ եղած Կարօ Մատենլեան մաս կազմած է դպրոցին զանազան մարզական խումբերուն եւ ՀԵԴի գործօն անդամ մը եղած է՝ մասնակցելով ՀԵԴի Ճամբարի ամառնային բանակումներուն, նախ՝ իբրեւ բանակող, ապա՝ իբրեւ խորհրդական։
Անոր յիշատակը վառ պահելու նպատակով, Կարօ Մատենլեանի ընտանիքը եւ բարեկամները անցեալ տարի կազմակերպած էին նաեւ կոլֆի մրցաշարք մը, որ տարեկան ձեռնարկի մը պիտի վերածուի։ Անցեալ տարի, անոր շնորհիւ կարելի եղած էր առաւել քան 10,000 տոլար ապահովել վարժարանին։