16 Մարտ 2019, Շաբաթ օր, Փասատինա քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական շաբաթօրեայ վարժարանը ապրեցաւ վերելքի օր մը. վարժարանի աշակերտութիւնը վայելեց Հայկական Լեռնագնացներու Ընկերակցութեան (ՀԼԸ – AHA) նախագահ Ռոպէրթ Ասարեանի եւ նոյն ընկերակցութեան անդամներէն Արթուր Բարսեղեանի այցելութիւնը: Հիւր լեռնագնացները մօտ անցեալին Արարատ մագլցած են եւ լեռնագնացութեան բազմամեայ փորձառութիւն ունին: Անոնք աշակերտներուն հետ անցուցին ներշնչող եւ դաստիարակիչ ժամ մը:
Հանդիպումը սկսաւ հիւրերու խնադավառ դիմաւորումով: Վարժարանի փոքրիկները եռագոյններ ծածանելով ընդունեցին զանոնք ու երգեցին Հայաստանի օրհներգը: Վար-ժարանի կամաւոր օգնականուհիներ Սուզան Ղազարեանը եւ Շողիկ Գասպարեանը ներկայացուցին հիւրերը: Ապա աշակերտները հիացումով դիտեցին ՀԼԸի արկածախնդիր անդամներու Արարատ մագլցելու վաւերագրական շարժանկարը: Աշակերտները նաեւ փորձեցին լեռնագնացի մը օժանդակ սարքերը, ինչպէս՝ ձիւնի վրայ քալելու համար գործածուող մեխաւոր կօշիկը: Ապա հիւր լեռնագնացները խօսեցան իրենց փորձառութիւններու մասին ու պատասխանեցին աշակերտներու եւ ուսուցիչներու հարցումներուն, որոնք բազմազան էին՝ գործնականէն (թէ, քանի՞ օր կը տեւէ բարձրանալ եւ ի՞նչ կ՛ուտեն լեռնագնացները) մինչեւ իմաստասիրական («Գագաթ հասնողը ի՞նչ կը զգայ»): Հիւրերը ունէին նաեւ անակնկալ մը: Անոնք դպրոցին նուիրեցին Արարատի գագաթէն բերուած հրաբխային ժայռի բեկոր մը: Վերջաւորութեան բոլոր աշակերտները միաբերան ըսին. «Ես ալ կ՛ուզեմ Արարատ մագլցիլ»:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական շաբաթօրեայ վարժարանը կը հաւատայ, թէ այսպիսի արտադասարանային դաստիարակչական հանդիպումներ Սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութիւնը կերտելու լաւագոյն միջոցներէն մէկն է: Վարժարանը այս նպատակով առած է քայլ մը եւս՝ իր ընտանիքներու համար պատրաստած է ճանաչողական եւ դաստիարակչական ամառնային պտոյտ՝ դէպի Հայաստան եւ Արցախ: