ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երեքշաբթի, 19 Մարտին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց ամերիկահայ գործարար եւ բարերար Ճէյմզ Թիւֆէնքեանը:
Վարչապետը ողջունեց Թիւֆէնքեանի գործունէութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ՝ նշելով, որ «Թիւֆէնքեան» հիմնարկի միջոցներով տարբեր ոլորտներու մէջ ծրագիրներու իրականացումը կարեւոր նշանակութիւն ունի թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Արցախի զարգացման համար: Վարչապետը նշեց, որ կառավարութիւնը տնտեսական յեղափոխութիւն իրականացնելու նպատակով շարք մը ուղղութիւններով կը կատարէ բարեփոխումներ, որոնք կը դիւրացնեն ձեռներէցներու գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ եւ կը խթանեն ներդրումներու ներգրաւումը:
Թիւֆէնքեան, իր կարգին նշեց, որ Սփիւռքի մէջ ոգեւորութեամբ եւ հպարտութեամբ կը հետեւին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն, եւ սփիւռքահայերու մօտ մեծ փափաք ու հետաքրքրութիւն կայ՝ հայրենիք այցելելու, կատարուող գործընթացներուն տեղւոյն վրայ ծանօթանալու, երկրի զարգացման ծրագիրներուն մէջ ներգրաւուելու եւ իրականացող բարեփոխումներուն աջակցելու առումով: Ան աւելցուց, որ իր փորձառութեամբ կրնայ ներկայացնել այն դրական փոփոխութիւնները, որոնց հետ անձամբ առնչուած է՝ առեւտրական գործունէութեան մէջ նոր մշակոյթի ներդրում, գործարարութեամբ զբաղուելու համար գոյութիւն ունեցող կարգաւորումներու էական դիւրացում եւ այլն:
Վարչապետը Թիւֆէնքեանին հետ քննարկեց «Թիւֆէնքեան» հիմնարկին կողմէ իրականացուող ծրագիրները եւ մասնաւորապէս անդրադարձաւ Վայոց ձորի մարզի Արենի գիւղին մէջ կառուցուող հիւրանոցային համալիրի ներդրումային ծրագիրին: Փաշինեան կարեւոր նկատեց հիւրանոցին կառուցումը, որ իր ետեւէն շղթայական դրական արդիւնքներ կը բերէ ոչ միայն Արենիի, այլ նաեւ շրջակայ համայնքներուն համար, բարելաւելով գործարար միջավայրը Վայոց ձորի մէջ:
Թիւֆէնքեան նշեց, որ կառուցուող «Թիւֆէնքեան» հիւրանոցը ամէնէն մեծը պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ: Հիւրանոցը պիտի սկսի գործելու երկու տարիէն: