«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Ներհայաստանեան իրադարձութիւնները չեն կրնար իրենց ազդեցութիւնը չունենալ Ատրպէյճանի վրայ:
Թաւշեայ յեղափոխութեան շնորհիւ, Հայաստանի մէջ ստեղծուած նոր իրականութիւնը, ժողովուրդի կամքը հաշուի առնելու իշխանաւորներու նոր վարքագիծը չեն կրնար չնկատուիլ ատրպէյճանցի ժողովուրդին ու անոր այն զաւակներուն կողմէ, որոնք կը փորձեն արդար համակարգ ստեղծել իրենց երկրին մէջ:
Այս նոր իրականութեան հետ առաջին հաշուի նստողը կը թուի ըլլալ Ատրպէյճանի բռնապետ Իլհամ Ալիեւ, որ վերջերս սկսած է այնպիսի քայլերու դիմելու, որպէսզի թէ՛ իր ժողովուրդին եւ թէ միջազգային հանրութեան ցոյց տայ, որ հակամէտ է երկիրը ժողովրդավարականացնելու ուղղութեամբ տանելու:
Այս տարուան Փետրուարին, Իլհամ Ալիեւ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած էր, որ 2019ը Ատրպէյճանի համար պիտի ըլլայ «բարեփոխումներու նոր փուլի տարի», նպատակ ունենալով՝ Ատրպէյճանը «ժամանակակից ու զարգացող երկրի մը վերածել»:
Այս ծիրին մէջ, Ալիեւ ստորագրած է շարք մը հրամանագիրներ, որոնք կը միտին ժողովուրդի տնտեսական վիճակի բարելաւման, ինչպէս՝ վարկերու ներում, ղարաբաղեան պատերազմին զոհուածներու ընտանիքներուն հատուցման վճարում, ուսանողական թոշակներու բարձրացում, նուազագոյն աշխատավարձի բարձրացում:
Դարձեալ այս ծիրին մէջ, Ալիեւ Նովրուզի տօնին առթիւ ներում շնորհելով՝ բատէն ազատ արձակեց առաւել քան 400 քաղաքական գործիչներ, որոնց շարքին կան յայտնի անուններ, ինչպէս՝ Մեհման Հիւսէյնով եւ Մամետ Իպրահիմ:
Հայաստանի Թաւշեայ յեղափոխութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեան Արցախեան հարցի լուծման ճանապարհին ընդգծած էր Ատրպէյճանի ժողովուրդին հետ խօսելու անհրաժեշտութիւնը եւ կարեւորութիւնը: Այս խօսակցութիւնը կարծես անուղղակիօրէն արդէն սկսած է: Ալիեւի սեփական ժողովուրդի աչքին փոշի փչելու փորձը՝ շնորհիւ այս խօսակցութեան, շատ տեղ պիտի չհասնի, պարզ այն պատճառով, որ հարեւան երկրին մէջ իսկական փոփոխութեան ականատես ատրպէյճանցի ժողովուրդը աւելի պահանջկոտութեամբ պիտի պաշտպանէ իր մարդկային իրաւունքները, ինչ որ պիտի պարտադրէ Ալիեւին՝ կա՛մ քաշուելու քաղաքական բեմէն, կամ ալ վերադառնալու բռնաճնշումներու քաղաքականութեան: